Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն Պատասխանած Է Արմէն Գրիգորեանի Յայտարարութիւններուն Ու Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն Պատասխանած Է Արմէն Գրիգորեանի Յայտարարութիւններուն Ու Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է

by MassisPost

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Մամուլի Ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն մեկնաբանած է  Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութիւնը այն մասին, թէ «Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը կը ներառէ Ղարաբաղի մէջ հայերու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան քննարկման միջազգային մեխանիզմի ստեղծման մասին դրոյթ»:

Ատրպէյճանի ԱԳՆ Մամուլի Ծառայութեան փոխանցմամբ` Հաճիզատէն նշած է, որ հայկական կողմը դիմած է «խարդախութիւններու», որոնք կը խոչընդոտեն խաղաղ համաձայնագրի շուրջ բանակցային գործընթացին, եւս մէկ անգամ ցոյց կու տան, որ «Հայաստանը շահագրգռուած չէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատմամբ»:

«Խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններու գործընթացին մէջ Հայաստանի նախաձեռնութիւնը` «ստեղծել միջազգային մեխանիզմ` Ղարաբաղի տարածաքին մէջ բնակող հայ բնակիչներու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան համար», խոչընդոտներ կը ստեղծեն խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցային գործընթացին համար եւ եւս մէկ անգամ ցոյց կու տայ, որ Հայաստանը շահագրգռուած չէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատմամբ:

Այս ջանքերը ցոյց կու տան, որ Հայաստանը տակաւին չի հրաժարած Ատրպէյճանի դէմ իր տարածքային պահանջներէն` հակասելով միջազգային իրաւունքի կանոններուն ու սկզբունքներուն, ինչպէս նաեւ Փրակի եւ Սոչիի պայմանագրերուն, որոնց համաձայն` երկիրները փոխադարձաբար կը ճանչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը», յայտնած է Հաճիզատէն:

ԱԳՆ պաշտօնեան յայտնած է, թէ կը փափաքի «յիշեցնել», որ «Ղարաբաղը կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի անբաժանելի մասը, եւ այս տարածաշրջանին մէջ ապրող հայազգի բնակչութեան իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պիտի ապահովուին Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան համաձայն:

Հայաստանի միջամտութիւնը հայազգի բնակիչներու վերահամարկման գործընթացին, որ Ատրպէյճանի ներքին խնդիրն է, անընդունելի է», եզրափակած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment