Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երկրաշարժին Հետեւանքով Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Մէջ Զոհուած Է 13 Հայ

Երկրաշարժին Հետեւանքով Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Մէջ Զոհուած Է 13 Հայ

by MassisPost

Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած է 13 հայ: «Արմենփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ հրաւիրուած ասուլիսին այս մասին յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ռազմավարութիւններու մշակման բաժնի պետ Յովհաննէս Ալեքսանեանը:

«Առաջին օրերին տեղեկատուութիւնը տարբեր խողովակներով էր տեղ հասնում, եւ դժուար էր ճշգրիտ տեղեկութիւններ հաղորդելը: Արդէն կարող ենք նշել, որ Հալէպում ունենք 2 զոհ` Միրնա Մինասեան-Թէնէքճեան, Ալպեր Թէնեքճեան: Թուրքիայում զոհուել են Սամի, Աիտա, Ալեքս Թապաշները, Մարիամ Քարաթաշը, Դշխուն Մեսրոպեան/Պալըքեանը, Արմիկ Մեսրոպեանը, Մեսրոպ Մեսրոպեանը, Պայծառ Սիլահլինը, Անթուան Հորոզը, Զիլան Տիգրիսը,  Եոհաննայ Գարոլինա Գափը», ըսաւ Յովհաննէս Ալեքսանեանը:

Կան նաեւ վիրաւորներ: Մէկ մասը վիրահատուած է եւ բուժում կը ստանայ, միւս մասը թեթեւ վնասուածքներ ստացած է: Հայկական հաստատութիւնները եւս վնասուած են, զգալի տուժած են յատկապէս Սուրիոյ տարածքին: Կը ճշդուի ճշգրիտ վնասին չափը, այդ հաստատութիւններուն հետագայ օգտագործելիութեան հնարաւորութիւնը:

Հայաստանը օգնութիւն տրամադրած է ինչպէս Սուրիոյ, այնպէս ալ Թուրքիոյ: Ուղարկուած են փրկարարական ջոկատներ, մարդասիրական օգնութիւն: Յովհաննէս Ալեքսանեանը տեղեկացուց, որ շատ հայրենակիցներ դիմած են Սփիւռքի յանձնակատարին գրասենեակ հանգանակութեան համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment