Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Մենք Առանձին` Մէկ Կաթիլ Ենք, Միասին` Ովկիանոս»․ Սերտար Քըլըճ

«Մենք Առանձին` Մէկ Կաթիլ Ենք, Միասին` Ովկիանոս»․ Սերտար Քըլըճ

by MassisPost

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Թուրքիոյ բանագնաց, դիւանագէտ Սերտար Քըլըճ շնորհակալութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ աւերիչ երկրաշարժին վերաբերեալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ աղէտի գօտի փրկարարներ գործուղելու Հայաստանի որոշման համար:

Ան արձագանգած է կարգաւորման գործընթացի հայկական կողմի ներկայացուցիչ, խորհրդարանի փոխխօսնակ Ռուբէն Ռուբինեանի գրառման այն մասին, որ հայ փրկարարները կրցած են եւս երկու ողջ մարդ դուրս հանել փլատակներէն:

«Մենք առանձին` մէկ կաթիլ ենք, միասին` ովկիանոս: Սա օր է, երբ մենք մէկ կողմ կը դնենք ցեղային, ազգային եւ կրօնական պատկանելութիւնը եւ մարդասիրութեան ու մարդկային համերաշխութեան բարձրագոյն մակարդակի կը հասնինք, որպէս նոյն Աստուծոյ զաւակներ: Աստուած օրհնէ բոլորդ», Թուիթըրով գրած է թուրք դիւանագէտ Սերտար Քըլըճ:

«Մարդասիրական օգնութիւնը ճիշդ քայլ է, բնական քայլ է, լայնածաւալ արհաւիրքներու օրերուն բոլոր պետութիւնները պէտք է միմեանց օգնեն», նախօրէին յայտնած է Ռուբէն Ռուբինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment