Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Խաղաղութեան Պայմանագրի Վերաբերեալ Հերթական Առաջարկը Ստացած Է Ատրպէյճանէն․ Միրզոյեան

Հայաստանը Խաղաղութեան Պայմանագրի Վերաբերեալ Հերթական Առաջարկը Ստացած Է Ատրպէյճանէն․ Միրզոյեան

by MassisPost

Ատրպէյճանը արձագանգածէ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին վերաբերեալ հայկական կողմի առաջարկներուն: «Երեւանը ստացել է Պաքուի պատասխանը եւ այժմ աշխատում է դրա վրայ», Պերլինի մէջ պատասխանելով «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հարցումին` յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը:

«Մի քանի օր առաջ ստացել ենք ատրպէյճանական հերթական արձագանգը եւ առաջարկները: Ես կրկնում եմ` սա շարունակական գործընթաց է, եւ մենք շարունակում ենք աշխատել բնագրի վրայ` մի քանի փուլերով փոխանակելով առաջարկներ եւ շարունակելով քննարկումը», նշեց նախարարը:

Արարատ Միրզոյեան չյստակացուց, թէ ինչ գրուած է Պաքուէն ուղարկուած փաստաթուղթին մէջ, արդեօք ատրպէյճանական արձագանգը ընդունելի է Հայաստանի համար, եւ Երեւանը ինչպէս պիտի պատասխանէ անոնց: Յայտնի է միայն, որ հայկական կողմը սեփական առաջարկները Պաքուին Մոսկուայի միջոցով փոխանցած էր շաբաթներ առաջ: Անոր մանրամասնութիւնները եւս յայտնի չեն, Միրզոյեան հրաժարած էր բանալէ փակագիծերը` շաբաթներ առաջ ելոյթ ունենալով խորհրդարանին մէջ: Այս ասուլիսին ալ աւելին չըսաւ, միայն ընդգծեց, որ չնայած Լաչինի միջանցքին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին` հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կանգ չէ առած, բանակցութիւները կը շարունակուին:

«Հայաստանը հաստատակամօրէն է ներգրաւուած այս բանակցութիւններում, եւ մենք նպատակ ունենք շարունակել մեր աշխոյժ ջանքերը մեր տարածաշրջանում կայուն եւ երկարատեւ խաղաղութիւն կառուցելու գործում: Ուզում եմ Ձեզ տեղեկացնել, որ Դեկտեմբերին նախատեսւում էր իմ եւ նախարար Պայրամովի, ինչպէս նաեւ նախարար Լաւրովի հերթական հանդիպումը:

Այս անգամ այն պէտք է տեղի ունենար Մոսկուայում, բայց Լաչինի միջանցքի արգելափակման պատճառով հայկական կողմը յետաձգեց մասնակցութիւնը, եւ չնայած այս հանգամանքին` մենք ատրպէյճանական կողմին, ինչպէս Դուք մէջբերեցիք, փոխանցեցինք մեր նոր առաջարկները խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ», յաւելեց ան:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը միաժամանակ զգուշացուց, որ բանակցութիւններու հարթ ընթացքին ամենեւին չեն նպաստեր գետնի վրայ Ատրպէյճանի նախայարձակ իրադարձութիւնները, ռազմատենչ յայտարարութիւններն ու Լաչինի միջանցքին արգելափակումը: Միրզոյեան այս մասին խօսեցաւ գերմանացի գործընկերոջ հետ համատեղ ասուլիսին երկկողմ բանակցութիւններէն յետոյ, որուն ընթացքին, ինչպէս ինք ըսաւ, Անալենա Պերպոքին պատմած էր, թէ ինչ վտանգներու առջեւ կանգնած են Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը: Միրզոյեանը ընդգծեց, որ սա է Պաքուի պատասխանը Արեւմուտքին, որ կը յորդորէ նախ եւ առաջ Ղարաբաղի հայերու անվտանգութեան հարցը լուծել:

«Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, ինչպէս նաեւ դրան նախորդած այլ նախայարձակ գործողութիւնները, ինչպէս օրինակ` Հայաստանի ինքնիշխան տարածք ատրպէյճանական զինուած ուժերի ներխուժումը եւ կենսագործունէութեան համար անտանելի պայմանների ստեղծումը Լեռնային Ղարաբաղում ունի մէկ նպատակ` ստիպել Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեանը լքել իրենց տները եւ, ըստ էութեան, դրանով իսկ զրկել նրանց հայրենիքում ապրելու իրաւունքից: Սա բնորոշել այլ կերպ, քան ցեղային զտումների քաղաքականութիւն, թերեւս հնարաւոր չէ: Սա է Ատրպէյճանի պատասխանը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի իրաւունքների ու անվտանգութեան խնդիրը հասցէագրելու միջազգային հանրութեան կոչերուն», շեշտեց նախարար Միրզոյեան:

Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարը, իր հերթին, փաստեց, որ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով մարդասիրական իրավիճակը «աղէտալի է»: Պերբոքը մանրամասն նկարագրեց Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճանապարհի փակման հետեւանքները` բաժնուած ընտանիքներ, դեղորայքի, սնունդի պակաս, ուժանիւթային խափանումներ` կոչ ընելով Ատրպէյճանին ու Ռուսիոյ՝ անյապաղ վերացնելու շրջափակումը եւ կատարելու ստանձնած պարտաւորութիւնները:

Իսկ ի՞նչ կրնայ ընել Եւրոմիութեան առանցքային երկիրը այդ մարդասիրական աղէտը կանխելու համար. Անալենա Պերպոքը Պաքուին եւ Մոսկուային ուղղուած կոչէն զատ, այդ հարցով Պերլինի ընելիքներուն մասին չխօսեցաւ:

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի այն դիտարկման, որ Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը իրավիճակին վերաբերեալ զեկոյց ներկայացուցած է դաշինքի անդամ երկիրներուն, ԱՄՆ, Ֆրանսա եւ այլ երկիրներ յստակ դիրքորոշում արտայայտած են, եւ Գերմանիան կրնա՞յ է իր յստակ գնահատականը տալ առ այն, որ Ատրպէյճանը բռնագրաւած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքը, Գերմանիոյ արտաքին գործերու նախարարը խուսափեցաւ ուղիղ պատասխանէն` ըսելով. «Պերլին կ’աջակցի Եւրոմիութեան Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերուն` ուղղուած հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման»:

Գերմանիոյ կառավարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան նաեւ Պաքուի հետ ուժանիւթային համագործակցութեան մասին խօսեցաւ: Փաստեց, որ ռուսական կազէն հրաժարելու հետեւանքով այլընտրանքի փնտռտուքի մէջ են Եւրոպայի մէջ, եւ հաւաստիացուց որ Ատրպէյճանի հետ ուժանիւթային համագործակցութեան պարագային Գերմանիան կը խոստանայ աչք չփակել մարդու իրաւունքներու եւ այլ խախտումներու վրայ:

Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով:

Երկկողմ ասուլիսը նախարարները սկսան վերջին օրերու մէկ այլ մարդասիրական աղէտէն` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ՝ հազարաւոր կեանքեր խլած երկրաշարժներէն: Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը շեշտեց, որ չնայած հայ-թրքական անհարթ յարաբերութիւններուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ խնդիրներուն` Երեւանը չէ յապաղած օգնութեան ձեռք մեկնելու:

«Մենք ինքներս 1988 թուականին Հայաստանում տեսել ենք, թէ ինչպիսի աղէտալի հետեւանքներ կարող է ունենալ երկրաշարժը, եւ մենք այն ժամանակ մենակ չենք մնացել, եւ մենք պէտք է պատրաստ լինենք մեր օգնութեան ձեռքը մեկնել այդ օգնութեան կարիքն ունեցողներին»:

Ինչ կը վերաբերի մօտ երկու տարի առաջ վերսկսած Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ երկխօսութեան, Միրզոյեան վերահաստատեց հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը` «անկեղծօրէն ներգրաւուած ըլլալու այս գործընթացին մէջ եւ տրամաբանական աւարտին հասցնելու հարցով»:

Գերմանիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարը իր խօսքին մէջ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող իրավիճակը որակեց բարդ, ըսաւ որ գիտէ, որ ղարաբաղեան երեսնամեայ հակամարտութեան հետեւանքով հազարաւոր զոհեր, անհետ կորսուածներ կան, խօսեցաւ նաեւ մինչ օրս ալ հակամարտութեան հետեւանքով չլուծուած խնդիրներէն ու յաւելեց, որ միամիտ չէ կարծելու, թէ այդ վէրքերը արագ կ’ամոքուին, այդուհանդերձ կը կարծէ, թէ կողմերը քայլեր կ’ընեն այդ ուղղութեամբ:

Սա արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնին Միրզոյեանի առաջին այցն է Գերմանիոյ մայրաքաղաք, իսկ իշխանափոխութենէն յետոյ Հայաստանի դիւանագիտութեան ղեկավարի երրորդը այցը Պերլին: Վերջին անգամ Հայաստանի ղեկավարութենէն վարչապետ Փաշինեանը այցեելած էր այդտեղ նախքան քառասունչորսօրեայ պատերազմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment