Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Հանդիպում Ունեցած Է Էսթոնիոյ Նախագահ Ալար Քարիսի Հետ

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը Հանդիպում Ունեցած Է Էսթոնիոյ Նախագահ Ալար Քարիսի Հետ

by MassisPost

Էսթոնիոյ Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է աշխատանքային այցով այդ երկիր ժամանած Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ Էսթոնիոյ նախագահ Ալար Քարիսի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդած է երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն հանդիպումը ընդլայնուած կազմով:

Էսթոնիոյ նախագահ Ալար Քարիսը, ողջունելով նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, նշած է, որ իրեն համար շատ սպասուած էր այս հանդիպումը, քանի որ հայ-էսթոնական յարաբերութիւնները ունին լաւագոյն աւանդոյթներ եւ զարգացման մեծ ներուժ: Էսթոնիոյ նախագահը գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ Էսթոնիոյ մէջ կայ թէկուզ փոքր, բայց շատ աշխոյժ հայկական համայնք: Ալար Քարիս առանձնայատուկ շեշտած է, որ հայերը Էսթոնիոյ օրինակելի ու օրինապահ քաղաքացիներ են:

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը շնորհակալութիւն յայտնած է հրաւէրին եւ ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծած է նման բարձր մակարդակի հանդիպման կարեւորութիւնը: «Ներկայում Հայաստանը գտնւում է բաւականին բարդ իրավիճակում, այնուամենայնիւ, ես սիրով ընդունել եմ Ձեր հրաւէրն այցելել Էսթոնիա, քանի որ կարծում եմ, որ մեր երկկողմ յարաբերութիւններում նախագահական այցերի շուրջ 20-ամեայ ընդմիջումը որեւէ կերպ չի համապատասխանում երկու երկրների ու ժողովուրդների ջերմ բարեկամական յարաբերութիւնների ոգուն: Կարծում եմ` մենք այն երկրները չենք, որ նման «ճոխութիւն» կարող ենք մեզ թոյլ տալ, եւ այդ բացթողումը պէտք է հնարաւորինս աշխոյժ կերպով լրացնել եւ սերտացնել մեր կապերը», նշած է նախագահ Խաչատուրեանը:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Խաչատուրեանը էսթոնացի պաշտօնակցին ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական եւ տարածաշրջանային հիմնախնդիրները, Լաչինի մարդասիրական միջանցքի շրջափակման եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւնները: Այս ծիրին մէջ Վահագն Խաչատուրեանը գոհունակութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ Էսթոնիոյ յստակ դիրքորոշման համար:

Էսթոնիոյ նախագահ Ալար Քարիս վստահեցուցած է, որ Էսթոնիան` որպէս առանձին երկիր եւ որպէս ԵՄ անդամ, կը փորձէ հնարաւորինս անկողմնակալ միջնորդական ջանքեր ներդնել` Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հաստատման համար:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած է հայ-էսթոնական համագործակցութեան առնչուող հարցերու լայն շրջանակ, նախանշուած են փոխգործակցութեան հեռանկարային ուղղութիւնները` մասնաւորապէս բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան, թուայնացման, կիպերանվտանգութեան, սահմանային անվտանգութեան համակարգերու ներդրման ոլորտները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment