Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Մէջ Ներքաղաքական Ճգնաժամ Չկայ. Արայիկ Յարութիւնեան

Արցախի Մէջ Ներքաղաքական Ճգնաժամ Չկայ. Արայիկ Յարութիւնեան

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Ազգային Ժողովին մէջ հանդիպած է պատգամաւորներուն հետ: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Երկրին ղեկավարը խօսած է աւելի քան մէկ ամիս տեւող  շրջափակման հետեւանքներուն, ներքին եւ արտաքին  մարտահրաւէրները դիմագրաւելուն ուղղուած ձեռնարկուող քայլերուն մասին: Նախագահ Յարութիւնեանի խօսքով` այս ծիրին մէջ շատ կարեւոր է ներքին միասնականութեան պահպանումը` այդ գործին մէջ ընդգծելով խորհրդարանական ուժերուն կողմէ այս օրերուն իրականացուող միահամուռ աշխատանքը:

Անդրադառնալով վերջին օրերուն մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ Արցախի ներքաղաքական կեանքին վերաբերեալ բուռն քննարկումներուն` նախագահ Յարութիւնեան նշած է, որ զերծ պիտի մնայ եղած շահարկումները մեկնաբանելէ, ընդամէնը կրնայ յստակ ըսել, որ Արցախի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամ չկայ ու կարելի չէ նման բան թոյլ տալ, քանի որ կայ յստակ գիտակցում, որ մեր հիմնական օրակարգը ծագած հրատապ խնդիրները յաղթահարելն է ու Արցախը այս իրավիճակէն դուրս բերելը: Այդ առումով ան շեշտադրած է, որ միայն շրջափակման յարուցած ճգնաժամի յաղթահարումէն յետոյ հնարաւոր պիտի ըլլայ անդրադառնալ ներքաղաքական հիմնախնդիրներու համակարգային լուծման հարցերուն:

Հանդիպման ընթացքին նախագահ Յարութիւնեան նաեւ պատասխանած է պատգամաւորները յուզող հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment