ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը եւ անոր երկու դուստրերը հրաւիրուած են Հակափտածութեան Դատարան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վարոյթի ծիրին մէջ` որպէս պատասխանող: Նախնական դատական նիստը նշանակուած է 2023 թուականի Յունուար 19-ին:
Նոյն օրը Հակափտածութեան Դատարան հրաւիրուած են նաեւ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդին` Նարեկ Սարգսեանն ու կինը` Աննա Նիկոյեանը:
Այս գործերով դատաւորն է Աշխէն Ղարսլեանը, որ երդմամբ լիազօրութիւնները ստանձնած է 2022 թուականի Օգոստոս 19-էն: