Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Հանդիպած Է Արտերկրի Մէջ Հաւատարմագրուած ՀՀ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Ղեկավարներուն

Փաշինեան Հանդիպած Է Արտերկրի Մէջ Հաւատարմագրուած ՀՀ Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Ղեկավարներուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ջերմուկի մէջ հանդիպում ունեցած է Արտաքին Գործերու Նախարարութեան կեդրոնական աշխատակիցներու կազմի եւ օտարերկրեայ պետութիւններուն մէջ ՀՀ դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարներուն հետ:

Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին՝ հանդիպման մասնակցելու համար եւ ներկայացուցած է նման հանդիպում ու քննարկումներ անցընելու նպատակները:

Վարչապետը ողջունած է նախաձեռնութիւնը եւ իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն, առկայ մարտահրաւէրներուն, խնդիրներուն, զանոնք դիմագրաւելու հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ խօսած է դիւանագէտներու գործունէութեան ու անոնցմէ ունեցած ակնկալիքներուն մասին: Վարչապետ Փաշինեան պատասխանած է շարք մը հարցերու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment