Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Anglo-Asian Mining-ը Աջակցութիւն Կը Խնդրէ ՄԱԿ-էն, ԱՄՆ-էն, Բրիտանիայէն Եւ ԵՄ-էն

Anglo-Asian Mining-ը Աջակցութիւն Կը Խնդրէ ՄԱԿ-էն, ԱՄՆ-էն, Բրիտանիայէն Եւ ԵՄ-էն

by MassisPost

Բրիտանական Anglo-Asian Mining ընկերութիւնը դիմած է ՄԱԿ-ին եւ շարք մը օտարերկրեայ պետութիւններու` խնդրելով օգնել վերականգնելու Ղարաբաղի մէջ գտնուող շարք մը օգտակար հանածոներու հանքավայրերու շահագործման իր իրաւունքները եւ ընկերութեան աշխատակիցներուն համար ապահով ֆիզիքական մուտք ապահովելու Ղըզըպուլաղի (Տրմպոնի) ոսկիի, Տեմիրլիի (Գաշենի) պղնձամոլիպտենային հանքավայրերեր ու յարակից տարածքներ:

Ընկերութիւնը նոյն խնդրանքով դիմումներ ուղարկած է նաեւ ԱՄՆ Պետական Քքարտուղարութիւն, Բրիտանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւն եւ Եւրոմիութիւն:

«Ներկայիս այս երկու հանքավայրերը կը գտնուին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատուութեան գօտիին մէջ, եւ անոնց մէջ ոսկիի ու այլ օգտակար հանածոներու ապօրինի արդիւնահանում կ’իրականացուի հայկական եւ այլ ընկերութիւններու կողմէ», կը նշուի ընկերութեան կայքէջին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

«Ազատութիւն» ռատիօկայանի հետաքննութիւնը պարզած է, որ Արցախի մէջ գտնուող շարք մը հանքավայրերու շահագործման իրաւունքը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները դեռ 25 տարի առաջ վաճառած են Բրիտանիոյ մէջ արձանագրուած Anglo-Asian Mining-ին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment