Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սեպտեմբերեան Մարտերուն Հետեւանքով Հայկական Կողմի Զոհերուն Թիւը 224 Է. ՔԿ

Սեպտեմբերեան Մարտերուն Հետեւանքով Հայկական Կողմի Զոհերուն Թիւը 224 Է. ՔԿ

by MassisPost

Սեպտեմբեր 13-14-ի ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով հայկական կողմի զոհերուն թիւը 224 է: Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Գոռ Աբրահամեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ այս պահի դրութեամբ բոլոր` 224 զոհերուն ինքնութիւնները պարզուած են, նոյնականացման գործընթացը աւարտած է:

«Բազմակողմանի քննութիւն է իրականացւում իւրաքանչիւր զոհի մահուան հանգամանքները պարզելու գնահատական տալու համար», աւելացուց Գոռ Աբրահամեանը:

Պաշտօնական Երեւանը աւելի առաջ յայտնած էր նաեւ տարածքային կորուստներու մասին` յայտարարելով, որ Ատրպէյճանը գրաւած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի շուրջ 140 քառ. քմ:

Ատրպէյճանական կողմը պաշտօնապէս շուրջ 80 զոհի մասին յայտնած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment