Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաչինի Միջանցքի Հարցով ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդը Արտահերթ Նիստ Գումարած Է

Լաչինի Միջանցքի Հարցով ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդը Արտահերթ Նիստ Գումարած Է

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան Խորհուրդի արտահերթ նիստ:

Ըստ Հայաստանի կառավարութեան` քննարկուած են տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, մասնաւորապէս, Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը:

Բացի ԱԽ անդամներէն, նիստին մասնակցած են նաեւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանը, ԱԺ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը:

Այլ մանրամասներ չեն հաղորդուած:

Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը եւս նիստ հրաւիրած է: Ընդգծուած է, որ փակելով միջանցքը Պաքուն խախտած է եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները: Անվտանգութեան Խորհուրդը համապատասխան նամակով որոշած է դիմել Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան` «անընդունելի համարելով միջանցքի փակումը, որ պիտի բերէ Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտի»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment