Ազգային Ժողովը, ձայներու 66 կողմ, 28 դէմ յարաբերակցութեամբ, ընդունեց 2023 թուականի պետական պիւտճէի մասին նախագիծը:
Ընդդիմութիւնը չմասնակցեցաւ պիւտճէի քննարկման:
Յառաջիկայ տարուան պետական պիւտճէով եկամտային մասը պիտի կազմի 2 թրիլիոն 301 միլիառ 291 միլիոն 155.2 հազար դրամ, ծախսերը` 2 թրիլիոն 590 միլիառ 147 միլիոն 50.7 հազար դրամ, պակասուրդը` 288 միլիառ 855 միլիոն 895.5 հազար դրամ:
Ընթացիկ տարուան պետական պիւտճէի եկամտային մասը կը կազմէ մօտ 1 թրիլիոն 947 միլիառ դրամ, ծախսային մասը` 2 թրիլիոն 184 միլիառ դրամ, բացը` 236 միլիառ 255 միլիոն դրամ:
Գործադիրը յաջորդ տարի առնուազն 7 տոկոս տնտեսական աճ կը կանխատեսէ: Իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ նպատակին հասնիլը հեշտ պիտի չըլլայ:
«Կը լինեն նաեւ դժուարութիւններ: Այս տարուայ դրական զարգացումների արդիւնքում ձեւաւորուած կեդրոնի նկատմամբ բարձր տնտեսական աճի հասնելը պահանջում է հետեւողականօրէն խորացնել իրականացուող բարեփոխումների ընթացքը եւ յաղթահարել զգալի դժուարութիւններ», պիւտճէի քննարկման ժամանակ ըսած էր իշխող խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Խաչատրեանը:
«Խօսք տալը եւ խոստումը կատարելը տարբեր բաներ են: Դաշինքի համար 2023 թուականի պիւտճէն իրատեսական չի դիտւում եւ ըստ այդմ` անընդունելի է», քննարկման աւարտին, լռութիւնը խախտելով, յայտնած էր ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը: