Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Փարիզի Մէջ Հանդէս Եկած Է Մամուլի Ասուլիսով, Հիւրընկալուած Է «France-24» Հեռուստաալիք

Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Փարիզի Մէջ Հանդէս Եկած Է Մամուլի Ասուլիսով, Հիւրընկալուած Է «France-24» Հեռուստաալիք

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը Փարիզի մէջ հանդէս եկած է մամուլի ասուլիսով, որուն մասնակցած են շուրջ երկու տասնեակ ֆրանսական առաջատար լրատուամիջոցներ:

Արցախի նախագահը ներկայացուցած է Ֆրանսա կատարած այցին նպատակները, նշած է Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ պարբերաբար եւ յաճախակի դարձած նախայարձակ վարքի դրսեւորումները, հետեւողական կերպով մարդասիրական խնդիրներու ստեղծումը, թուարկած է այն սպառնալիքները, որոնք լրջագոյն վտանգ կը ներկայացնեն սեփական հայրենիքին մէջ Արցախի ժողովուրդի գոյութեան համար: Նախագահ Յարութիւնեանի խօսքով` Ֆրանսայի միջոցով ան կը փափաքի ուղերձ յղել եւրոպական բոլոր պետութիւններուն, որ միջոցներ ձեռնարկեն կանխելու Ատրպէյճանի վերոնշեալ սանձարձակ պահուածքը, որուն աներկբայ կը սատարէ Թուրքիան:

«Մենք հասկանում ենք, որ Ատրպէյճանի հետ Եւրոպան ունի նաւթակազային շահեր, սակայն մեր յորդորն է յարգել մեր ժողովուրդին ինքնորոշման ու գոյութեան իրաւունքները եւ առկայ գործիքակազմերով թոյլ չտալ Ատրպէյճանի ցեղասպանական ու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան իրականացումը: Այս իմաստով տեղին է նշել նաեւ վերջին երկու տարիների ընթացքում ոչ միայն Արցախի, այլեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ կատարած յարձակումներն ու ՀՀ ինքնիշխան տարածքների բռնազաւթումները», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեանը:

Հանդիպման ընթացքին նախագահը պատասխանած է լրագրողներու տարաբնոյթ հարցումներուն, ինչպէս նաեւ առանձին հարցազրոյց տուած է «Ֆրանս փրես» պետական լրատուական գործակալութեան եւ հիւրընկալուած է «France-24» հեռուստաալիք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment