Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Որքան Մարդ Մասնակցած Է ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պահանջով Հաւաքին․ ԻՔՄ

Որքան Մարդ Մասնակցած Է ՀԱՊԿ-էն Դուրս Գալու Պահանջով Հաւաքին․ ԻՔՄ

by MassisPost

Նոյեմբեր 23-ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ժամը 13:00-էն հրաւիրուած էր հանրահաւաք ընդդէմ ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ղեկավարներուն, որոնք Երեւանի մէջ կը մասնակցէին Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան գագաթաժողովին:

Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորումը օդային նկարահանման միջոցով իրականացուցած է հանրահաւաքի մասնակիցներու հաշուարկ, որուն բերումով պարզուած է, որ 14:20-ի դրութեամբ Ֆրանսայի հրապարակին վրայ եւ յարակից տարածքներուն մէջ գտնուած է շուրջ է 1140 մարդ:

Հաշուարկը իրականացուած է մասնակիցներու անհատական հաշուարկի միջոցով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment