Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեան Դիմած Է Արցախի ԱԺ Նախագահին` Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Նախագիծը Վերադարձնելու Նպատակով

Արայիկ Յարութիւնեան Դիմած Է Արցախի ԱԺ Նախագահին` Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Նախագիծը Վերադարձնելու Նպատակով

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, հիմք ընդունելով «Ազգային Ժողովի Կանոնակարգ» օրէնքի 62-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 4-րդ կէտը եւ 78-րդ յօդուածի 6-րդ մասը, դիմած է Ազգային Ժողովի նախագահին` Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան փոփոխութեան նախագիծը վերադարձնելու նպատակով` զայն հանելով շրջանառութենէն:

Նման որոշման համար պատճառ հանդիսացած են Արցախի Հանրապետութեան սահմանադրական փոփոխութեան նախաձեռնութեան իրացման ընթացքին հնչած տարաբնոյթ քաղաքական գնահատականները, ինչպէս նաեւ նախագիծին վերաբերեալ հանրութեան շրջանին մէջ յառաջացած բացասական արձագանգները, ինչ որ կրնար ներքին պառակտման ու լարուածութեան հերթական պատճառ դառնալ:

Ըստ երկրի ղեկավարին` ներքին համերաշխութիւնն ու միասնականութիւնը մեր ամենազօրեղ ուժն է եւ ամենակարեւոր երաշխիքը մեր պետականաշինութեան այս դժուարագոյն փուլին առկայ մարտահրաւէրներն արժանապատուօրէն դիմագրաւելու գործին մէջ:

Հանրապետութեան Նախագահը պիտի նախաձեռնէ լրացուցիչ քաղաքական խորհրդակցութիւններ սահմանադրական փոփոխութիւններու հետագայ ընթացքին շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment