Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուաշինկթըն Չի Կրնար Պարտադրել, Թէ Ինչպիսին Պէտք Է Ըլլայ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութիւնը. Նետ Փրայս

Ուաշինկթըն Չի Կրնար Պարտադրել, Թէ Ինչպիսին Պէտք Է Ըլլայ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Կայուն Խաղաղութիւնը. Նետ Փրայս

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի վերջին հանդիպման:

Նետ Փրայս ուշադրութիւն հրաւիրած է այն փաստին վրայ, որ երկու երկիրներու արտաքին գործերու նախարարները համատեղ յայտարարութիւն ընդունած են, ինչ որ, անոր խօսքով, բաւական դրական ազդակ է:

«Հանդիպման ժամանակ արտաքին գործերու նախարարները պայմանաւորուած են արագացնել բանակցութիւնները եւ յառաջիկայ շաբաթներուն կազմակերպել եւս մէկ հանդիպում: Անոնք իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են պետական քարտուղար Պլինքընին, ամերիկեան կողմին` վերջին քննարկումները կազմակերպելու համար: Պէտք է նշեմ, որ պետական քարտուղար Պլինքըն ներգրաւուած էր քննարկումներու մէջ, սակայն երկու կողմերը հնարաւորութիւն ունէին հանդիպելու եւ փորձելու հարթել իրենց տարաձայնութիւնները, որոշ պարագաներու` առանց Միացեալ Նահանգներու գործուն մասնակցութեան», նշած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը:

Փրայս դարձեալ ընդգծած է կողմերուն միջեւ ուղիղ երկխօսութեան կարեւորութիւնը:

«Մենք կը շարունակենք յանձնառու մնալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ ապագայի խթանման: Կը կարծենք, որ շարունակական ուղիղ երկխօսութիւնը առանցքային է խնդիրներու լուծման եւ երկարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար», նշած է Փրայս:

Դիւանագէտը նաեւ շեշտած է, որ ԱՄՆ-ի մէջ այս գործին մէջ միջնորդի դեր ունի, երկու երկիրներուն հանդիպելու հնարաւորութիւն ընձեռած է, սակայն չի կրնար կողմերուն ոչինչ պարտադրել:

«Միացեալ Նահանգները չի փորձեր, չի փափաքիր եւ նոյնիսկ չի ալ կրնար համաձայնագիր պարտադրել երկու կողմերուն: Մենք պարզապէս կը տրամադրենք վայր եւ կը ստեղծենք հնարաւորութիւն, որպէսզի երկու կողմերը հանդիպին, հասկնան իրենց տարաձայնութիւնները, որոնք բաւական շատ են, եւ փորձեն հարթել զանոնք», յաւելած է Փրայս:

Փրայս նաեւ նշած է, որ Ուաշինկթըն չի կրնար պարտադրել, թէ ինչպիսին պէտք է ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ կայուն խաղաղութիւնը:

«Մենք անոնց չենք ներկայացներ փաստաթուղթ մը, որ պատրաստ է ստորագրման: Մենք կ’ընենք ամէն բան, որպէսզի հնարաւորութիւն ընձեռենք դիւանագիտութեան համար, որուն համար քայլերու անոնք իրենք պէտք է ձեռնարկեն, եւ այդ նման է մեր մօտեցման ամբողջ աշխարհի մէջ շարք մը մարտահրաւէրներու առումով, ուր մենք ցոյց տուած ենք այս ձեւի կենսունակութիւնն ու արդիւնաւէտութիւնը», ըսած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը` որպէս օրինակ բերելով ԱՄՆ դիւանագիտական ջանքերը Իսրայէլի եւ Լիբանանի մէջ, Եթովպիոյ, Եմէնի մէջ եւ այլուր:

Եզրափակելով իր խօսքը` Փրայս բաւական դրական գնահատած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներու միջեւ հանդիպումը:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ անոր ատրպէյճանցի գործընկեր Ճէյհուն Պայրամովը հանդիպած էին Նոյեմբեր 7-ին, Ուաշինկթընի մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment