Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաբնակ Հայերը Կը Լքեն Ռուսիան

Ռուսաբնակ Հայերը Կը Լքեն Ռուսիան

by MassisPost

Ռուսաբնակ հայերը կը լքեն այդ երկիրը: Սա կը վկայեն Ռուսիոյ Պետական Վիճակագրական Ծառայութեան` «Ռոսսթաթ»-ի հրապարակած վերջին տուեալները:

Անոնց համաձայն` 2022 թուականի Յունուարէն մինչեւ Սեպտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին Ռուսիա մուտք գործած է Հայաստանի 40.666 քաղաքացի, Ռուսիան լքած է 56 հազար 332-ը: Այսպիսով, ըստ ռուս վիճակագիրներու, այս տարուան առաջին ութ ամիսներուն Ռուսիան լքած է այնտեղ բնակող աւելի քան 15 հազար Հայաստանի քաղաքացի:

Ուշագրաւ է, որ այս ցուցանիշով Հայաստանը առաջին տեղն է` գերազանցելով անգամ Ռուսիա ներգաղթեալներ մատակարարող այնպիսի երկիրներ, ինչպիսին են Ուզպեքստանն ու Ղրղըզստանը: «Ռոսսթաթ»-ի տուեալներով` 2022-ին Ռուսիայէն հեռացած են այնտեղ բնակող ղրղըզներէն 14 հազարը, ուզպեքներէն` 13 հազար 700-ը:

Նոյն զեկոյցին համաձայն` Ռուսիան կը լքեն նաեւ ատրպէյճանցիները, սակայն ոչ այն կշռոյթներով, ինչ՝ հայերը: Ընթացիկ տարուան առաջին ութ ամիսներուն Ռուսիա մուտք գործած է Ատրպէյճանի 21 հազար քաղաքացի, Ռուսիան լքած է 27 հազարը:

Յետխորհրդային տարածքի միակ պետութիւնը, ուրկէ աշխատանքային գաղթականները կը շարունակեն զանգուածաբար ժամանել Ռուսիա, Տաճիկստանն է: Յունուարէն Օգոստոս ինկած ժամանակահատուածին, ըստ պաշտօնական տուեալներու, Ռուսիա ժամանած է Տաճիկստանի աւելի քան 40 հազար բնակիչ: «Ռոսսթաթ»-ի ներկայացուած տուեալներուն աւելի մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւնը, սակայն, կը վկայէ, որ նոյնիսկ Տաճիկստանի պարագային ներգաղթի ծաւալները զգալիօրէն նուազած են. 2021-ին նոյն ժամանակահատուածին աշխատանք հայթայթելու նպատակով Ռուսիա մեկնած տաճիկներուն թիւը կը գերազանցէր 49 հազարը:

Ընդհանուր առմամբ, այս տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր Ռուսիոյ տարածք մուտք գործած է 444 հազար ներգաղթեալ, երկիրը լքած է 506 հազարը:

Ռուս փորձագէտներու համոզմամբ` աշխատանքային գաղթականներու զանգուածային արտագաղթի պատճառը Փետրուար 24-ին սկիզբ առած ռուս-ուքրանական պատերազմն է: «Նոյնիսկ Քովիտի համաճարակին ընթացքին նման ցուցանիշներ չէին արձանագրուիր», կը պնդեն վիճակագիրները` յիշեցնելով, որ 2020 եւ 2021 թուականներուն Ռուսիա ժամանող օտարերկրացիներու թիւը զայն լքողներէն աւելի էր շուրջ 300 հազարով:

«Ռոսսթաթ»-ի զեկոյցին մէջ հաշուի չեն առնուած յետխորհրդային հանրապետութիւններէն Ռուսիա տեղափոխուած եւ այդ երկրի քաղաքացիութիւն ստացած անձեր, որոնց մէկ զգալի մասը երկիրը լքեց արդէն Սեպտեմբերին` զօրահաւաք յայտարարելէ յետոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment