Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երբեւէ Եղած Ամենամեծ Պիւտճէն. 2023-ին Այն Պիտի Կազմէ Աւելի Քան 6,4 Միլիառ Տոլար

Երբեւէ Եղած Ամենամեծ Պիւտճէն. 2023-ին Այն Պիտի Կազմէ Աւելի Քան 6,4 Միլիառ Տոլար

by MassisPost

Երբեւէ եղած ամենամեծ պիւտճէն. կառավարութիւնը յաջորդ տարուան ընթացքին կը նախատեսէ աւելի քան 6,4 միլիառ տոլար ծախսել: Սա շուրջ մէկ միլիառով կը գերազանցէ այս տարուան համար նախատեսուած ծախսերը:

Ընդհանուր գումարի ամենամեծ մասը` աւելի քան 25 տոկոսը պիտի ուղղուի ընկերային ծախսերու, կենսաթոշակներու, տարբեր նպաստներու եւ այլ օժանդակութիւններու համար Գործադիրը 2023 թուականին աւելի քան 1,6 միլիառ տոլար պիտի ծախսէ:

Երկրորդ տեղը Զինուած Ուժերու ֆինանսաւորումն է: Պաշտպանութեան ոլորտին կառավարութիւնը կը նախատեսէ աւելի քան մէկ միլիառ տոլար յատկացնել: Պաշտպանական ծախսերը այս տարուան համեմատ ամենաշատը պիտի մեծնան` շուրջ 430 միլիոն տոլարով: Քանի որ պաշտպանական պիւտճէի քննարկումները փակ են, պարզ չէ, թէ ճիշդ ինչի վրայ պիտի ծախսուին այդ գումարները:

Պիւտճէ 2023-ի խորհրդարանական քննարկումները սկսան 31 Հոկտեմբերին: Նախագիծը ներկայացուց ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Խաչատրեանը. «2023 թուականին պաշտպանութեան ոլորտի ծախսերը կազմելու են 506 միլիառ դրամ, դրանք 35 տոկոսով գերազանցելու են 2022 թուականի ճշդուած պիւտճէով սահմանուած ծախսային ցուցանիշները, ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին ուղղուող ծախսերի աճը նոյնպէս զգալի է լինելու` դրանք 2023 թուականին կը կազմեն 648 միլիառ դրամ, 10 տոկոսով կը գերազանցեն 2022 թուականի ճշդուած պիւտճէով սահմանուած ընկերային ոլորտին ուղղուող ծախսերը: Կրթութեան ոլորտում ծախսերը կը կազմեն 209 միլիառ դրամ, 12 տոկոսով դրանք կը լինեն աւելին, քան 2020 թուականին ճշդուած պիւտճէով սահմանուած կրթութեան ոլորտի ծախսերն են»:

Գալիք տարուան ընթացքին պիւճէտային եկամուտները Գործադիրին հաշուարկներով շուրջ 2,4 թրիլիոն դրամ պիտի կազմեն, պակասուրդն ալ` գրեթէ 300 միլիառ դրամ: Չնայած պակասուրդին` կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ արտաքին պարտքի ընդհանուր կշիռը պիտի նուազի` սա պայմանաւորելով դրամի արժեւորմամբ, արտարժոյթով վերցուած պարտքերը դրամային արտայայտութեամբ աւելի փոքր գումար կը կազմեն, ուստի պարտքին ընդհանուր ծաւալը պիտի փոքրանայ:

«Ինչո՞ւ, որովհետեւ մենք պարտքի կառուցուածքում, գիտէք, նախորդ տարեվերջին ունեցել ենք 70 տոկոս արտարժութային պարտքային միջոցներ, որոնք հիմա երբ որ վերահաշուարկւում են դրամային նոր փոխարժէքով, ընդհանուր պարտքի մէջ այս պահին կշիռը 63 տոկոսի սահմաններում է գտնւում, բերում է նրան, որ 2023-ին արդէն մենք կ’ունենանք համախառն ներքին արդիւնքի 50 տոկոսի շուրջ գտնուող պարտքի հիմնական ցուցանիշ», նշեց Տիգրան Խաչատրեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment