Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Չի Բացառեր Անհրաժեշտութեան Պարագային Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին ԵՄ Առաքելութեան Ժամկէտը Երկարաձգելու Հարցին Ուսումնասիրումը

Փաշինեան Չի Բացառեր Անհրաժեշտութեան Պարագային Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանին ԵՄ Առաքելութեան Ժամկէտը Երկարաձգելու Հարցին Ուսումնասիրումը

by MassisPost

Եւրոպական Միութեան` 40 հոգիէ բաղկացած դիտորդական առաքելութիւնը յառաջիկային պիտի ժամանէ Հայաստան. փորձագիտական դաշտին մէջ կարծիքներ կը հնչեն, որ պէտք է երկարաձգել դիտորդական առաքելութեան ժամկէտը կամ զայն դարձնել մշտական, ՀՀ վարչապետ Փաշինեան համոզուած չէ անով, սակայն չի բացառեր անհրաժեշտութեան պարագային խնդիրի աւելի խորը ուսումնասիրումը: Փաշինեան այս մասին ըսաւ կառավարութեան նիստին:

Փաշինեանը նախ արձանագրեց եւ ողջունեց ԵՄ-ի քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան աշխատանքի մեկնարկը Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին երկայնքով: Ան յիշեցուց, որ համապատասխան պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած է Հոկտեմբեր 4-ին Փրակի մէջ տեղի ունեցած քառակող հանդիպման ընթացքին:

«Եւ պէտք է հաճոյքով արձանագրեմ, որ ԵՄ-ի գործընկերները շատ  գործնական են արձագանգել եւ որոշումներ կայացրել: Նախապատրաստող խումբն արդէն Հայաստանում է: Հիմնական խումբը` 40 հոգուց կազմուած դիտորդական առաքելութիւնն յառաջիկայում պիտի ժամանի Հայաստան: Ի սկզբանէ ծրագրաւորուած է, որ 2 ամիս պէտք է աշխատի դիտորդական առաքելութիւնը: Մեր փորձագիտական դաշտում կարծիքներ են հնչում, որ պէտք է երկարացնել դիտորդական առաքելութեան ժամկէտը կամ փորձել դիտորդական առաքելութիւնը դարձնել մշտական: Ես համոզուած չեմ դրանում, բայց ամէն դէպքում մի թեմա է, որը մեր հանրութեան եւ փորձագիտական շրջանակում քննարկւում է: Եթէ մենք տեսնենք նման հնարաւորութիւն եւ անհրաժեշտութիւն, չենք բացառում, որ աւելի խորը կ’ուսումնասիրենք խնդիրը», ընդգծեց վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment