Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեանն Ու Միրզոյեանը Հանդիպած Են ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ֆրանսայի Համանախագահին Հետ

Փաշինեանն Ու Միրզոյեանը Հանդիպած Են ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ֆրանսայի Համանախագահին Հետ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակի խորհրդական Իզապէլ Տիւմոնը ու ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի Ֆրանսայի համանախագահ Պրիս Ռոքֆօն քննարկած են տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հարցեր:

Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան փոխանցմամբ, անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրին, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման վերաբերող հարցերուն, միտքեր փոխանակած են Հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպման վերաբերեալ:

«Ընդգծուել է ատրպէյճանական զինուած ուժերի` ՀՀ ինքնիշխան տարածքից անյապաղ դուրսբերման անհրաժեշտութիւնը, հայ ռազմագերիների հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ սահմանային իրավիճակի մշտադիտարկման եւ վերահսկման միջազգային մեխանիզմների ներդրման կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ քննարկուել են ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան վերաբերեալ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեանը եւ առաքելութեան աշխատանքներին առնչուող հարցեր»,  ըսուած է ԱԳՆ տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը կարեւորած է ատրպէյճանական վերջին յարձակման վերաբերեալ ֆրանսական կողմի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան ու անվտանգութեան հաստատման ուղղութեամբ Ֆրանսայի ներդրած ջանքերը:

Աւելի ուշ զանոնք ընդունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Ըստ կառավարութեան` կարեւորուած է ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991 թուականի Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի մշակման, ինչպէս նաեւ սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման ու հայ-ատրպէյճանական սահմանին Եւրոմիութեան քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութեան ապահովումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment