Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Հետ Իրանի Կապը Պէտք Չէ Վտանգուի. Ռայիսի

Հայաստանի Հետ Իրանի Կապը Պէտք Չէ Վտանգուի. Ռայիսի

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի 77-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ հանդիպած է Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:

Հայաստանի ղեկավարը, խօսելով Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակման եւ անոր հետեւանքներուն, գոհունակութիւն յայտնած է իրանեան կողմի յստակ գնահատականներուն կապակցութեամբ եւ կարեւորած է ստեղծուած իրավիճակին մէջ երկկողմ սերտ փոխգործակցութիւնը:

Իպրահիմ Ռայիսին նշած է, որ Իրանը ուշադրութեամբ կը հետեւի զարգացումներուն, եւ յաւելած է, որ տարածաշրջանին մէջ բոլոր խնդիրները պէտք է լուծուին բացառապէս խաղաղ ճանապարհով: Իրանի նախագահին խօսքով` պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ տարածաշրջանին մէջ սահմաններու փոփոխութեան անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ Իրանի դիրքորոշումը յստակ է, եւ Հայաստանի հետ Իրանի կապը պէտք չէ վտանգուի:

Իպրահիմ Ռայիսին շեշտած է, որ իր երկիրը պատրաստ է աջակցելու տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման` յաւելելով, որ Հայաստանի անվտանգութեան հարցը կարեւոր է Իրանի համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment