Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ալեքսէյ Օվերչուքը

Նիկոլ Փաշինեան Ընդունած Է Ալեքսէյ Օվերչուքը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը: Վերջինս կը գլխաւորէ Ռուսիոյ պատուիրակութիւնը, որ Երեւանի մէջ կը մասնակցի Հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային 9-րդ համաժողովին, Հայ-ռուսական գործարար երկխօսութեան եւ Հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահներու հանդիպման:

Վարչապետը նշած է, որ չնայած ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով սահմանին լարուածութեան պահպանման` որոշում կայացուած է չյետաձգել միջոցառումները, որոնք ուղղուած են Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան հետագայ զարգացման:  Նիկոլ Փաշինեանը յոյս յայտնած է, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող համատեղ միջոցառումները պիտի նպաստեն հետագայ փոխգործակցութեան ընդլայնման:

Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական համագործակցութեան եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment