Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մինչեւ Տարեվերջ Տրամադրուած Ենք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքելու․ Մանրամասնեց Փաշինեան

Մինչեւ Տարեվերջ Տրամադրուած Ենք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքելու․ Մանրամասնեց Փաշինեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները հանդիպում ունեցած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:  Հանդիպման ընթացքին թէ՛ խմբակցութեան պատգամաւորները, եւ թէ՛ վարչապետ Փաշինեանը վերահաստատած են, որ հաւատարիմ կը մնան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան դարաշրջան բանալու իրենց նախընտրական խոստման եւ ուժերու ներածին չափով ամէն բան պիտի ընեն տարածաշրջանին մէջ  կայունութեան հաստատման ու պահպանման համար:

Տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակը ու  ընթացող աշխարհաքաղաքական հոլովոյթները այլ ելք չեն թողներ, բացի խաղաղութեան հաստատումէն ու պահպանումէն, ընդգծած են  հանդիպման մասնակիցները: Խմբակցութեան հետ հանդիպման ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան  յայտնած է, որ մինչեւ տարեվերջ տրամադրուած են խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment