Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Կրկին Բարձրացուցած Է ԵԱՏՄ-ի Մէջ Կազի Ընդհանուր Շուկայի Ձեւաւորման Հարցը

Փաշինեան Կրկին Բարձրացուցած Է ԵԱՏՄ-ի Մէջ Կազի Ընդհանուր Շուկայի Ձեւաւորման Հարցը

by MassisPost

2022 թուականի առաջին կիսամեակին ԵԱՏՄ երկիրներու հետ փոխադարձ առեւտուրը 2021 թուականի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած է 52,5 տոկոսով եւ կազմած է 1,7 միլիառ տոլար, Ղրղըզստանի Չոլփոն-Աթա քաղաքին մէջ, Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նիստին, ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` նկատելով, որ ԵԱՏՄ երկիրներու հետ Հայաստանի արտահանումը աճած է 48,9 տոկոսով, ներմուծումը` 54,2 տոկոսով:

Փոխադարձ առեւտուրի մէջ արտահանման աճի կշռոյթները աւելի բարձր են, քան հայկական արտադրանքի արտահանման աճի կշռոյթները երրորդ երկիրներ, շեշտած է Գործադիրի ղեկավարը` վստահութիւն յայտնելով, որ հետագայ համագործակցութիւնը ոչ-պակաս արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

Որպէս առանցքային հարց Փաշինեան կրկին բարձրացուցած է Միութեան մէջ կազի ընդհանուր շուկայի ձեւաւորման հարցը` շեշտելով, որ Հայաստանը պատրաստ է կառուցողական երկխօսութեան` չլուծուած հարցերու շուրջ համաձայնութեան հասնելու համար:

ԵԱՏՄ նիստերուն Փաշինեան բազմիցս խօսած է ԵԱՏՄ շրջանակներուն մէջ ուժանիւթակիրներու ընդհանուր շուկայ ստեղծելու խնդիրին մասին` նշելով, որ «Միութեան ուժանիւթային ներուժի արդիւնաւէտ օգտագործումը կրնայ դառնալ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու պատասխան` նպաստելով ուժանիւթային անվտանգութեան ամրապնդման եւ երկիրներու տնտեսութիւններու կայուն զարգացման»:

Ապրանքներու եւ ծառայութիւններու ամբողջական միասնական շուկայի հասնելու տեսանկիւնէն, Փաշինեան կարեւորած է նաեւ փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ համարկումը` շեշտելով, որ ճիշդ մօտեցման պարագային փոխադրութեան-լոկիսթիք ոլորտը կրնայ ԵԱՏՄ-ի զարգացման հիմնական շարժիչներէն մէկը եւ միաւորման համար մրցակցային առաւելութիւն դառնալ` ստեղծելով տարանցիկ փոխադրումներու բարենպաստ կազմակերպչական եւ տնտեսական պայմաններ:

ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու վարչապետներու ընդլայնուած նիստին առաջին անգամ հիւրի կարգավիճակով կը մասնակցի նաեւ Ատրպէյճանի վարչապետը:

Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ, Հոկտեմբերին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment