Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրաւապաշտպանները Կը Դատապարտեն Ուքրանիոյ Մէջ Ընթացող Պատերազմին Դէմ Արտօնուած Ցոյցի Կայացումը Խոչընդոտելը

Իրաւապաշտպանները Կը Դատապարտեն Ուքրանիոյ Մէջ Ընթացող Պատերազմին Դէմ Արտօնուած Ցոյցի Կայացումը Խոչընդոտելը

by MassisPost

Ամիսներ առաջ Ռուսիայէն երեւան տեղափոխուած Եուրի Ալեքսէեւը Ազատութեան հրապարակին մէջ պահ մը իրեն Մոկսուա զգացած է, երբ բողոքի շարժումը չսկսած ոստիկանները սկսած են մասնակիցները բերման ենթարկել:

Մասնագիտութեամբ իրաւաբան Եւրին կ’ըսէ, որ ամէն ինչ եղած է օրէնքի սահմաններուն մէջ, նախապէս ինք իրազեկած է երեւանի քաղաքապատերանին, համաձայնեցուցած է բողոքի գործողութիւնը. «Ոստիկանութեան գործողութիւնը հակաօրինական էր, պարզ էր, որ նպատակ ունէին թոյլ չտալ մեզ բողոք իրականացնել»:

Եուրի Ալեքսէեւը տարիներ շարունակ հայրենիքի մէջ մասնակցած է ընդդիմութեան ցոյցերուն, բերման ենթարկուած է, բայց Հայաստանի պարագային անակնկալի եկած է: Կ’ըսէ, որ Հայաստանի ժողովրդավարութեան մասին անոր պատկերացումները երէկուընէ յետոյ փոխուած են. «Յանկարծ ոստիկանները եկան, ըսին` տեղեկութիւն ունին, որ ձեր բողոքի գործողութիւնը վիրաւորական բնոյթ ունի, պահանջեցին դադրեցնել ցոյցը: Ըսի` նման բան չկայ, յիմարութիւն է, որեւէ հիմք չունիք: Յետոյ մեզ բերման ենթարկեցին»:

Այդպէս ալ չկայացած բողոքէն յետոյ ոստիկանութիւնը 22 հոգի բերման ենթարկած էր` ոստիկանի օրինական պահանջը չկատարելու համար:

Խայտառակութիւն ու ամօթ. Քաղաքական հասարակութիւնը այսպէս կ’որակէ տեղի ունեցածը` համատեղ յայտարարութեամբ ոստիկանութենէն պահանջելով հրապարակային բացատրութիւն տալ այս ապօրինութեան համար:

Իրաւապաշտպան Արթուր Սաքունցը կը յիշեցնէ խաղաղ բողոքի շարժումներով իշխանութեան եկած բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հաւաստիացումները, թէ Հայաստանը ժողովրդավարութեան պասթիոն է: Երէկուան միջադէպը, Սաքունցի համոզմամբ, մեծ ստուեր կը նետէ Հայաստանի վրայ. «Սա դատապարտելի արարք է: Եւ այստեղ խնդիրը ոչ միայն զուտ ոստիկանութեան գործողութիւնների ապօրինութեան մասին է խօսքը: Բացարձակ ապօրինութիւն, որովհետեւ հաւաքը իրազեկուած է եղել, հաւաքը բացառիկ խաղաղ է եղել: Այլ քաղաքական իշխանութեան ապօրինութիւնն է: Մի քաղաքական իշխանութեան, որը հանդէս է գալիս խաղաղութեան օրակարգով, եւ եթէ խաղաղութեան օրակարգի աջակիցն է, ապա նաեւ դէմ է յարձակման եւ դէմ է պատերազմական միջոցներով, ուժի կիրառման միջոցներով հարցերի լուծմանը, ապա, միւս կողմից, այդ նոյն պատերազմական միջոցների դէմ հանդէս եկողներին է դէմ»:

Ի դէպ, երէկ խաղաղ ցուցարարները բաժիններ տանելէ քանի մը ժամ առաջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը այցելած էր Հայաստանի կառավարութեան Հանրային Կապերու եւ Տեղեկատուութեան Կենտրոն: Ըստ պաշտօնական հաղորդագրութեան, կողմերը կարեւորած էին համագործակցութիւնը յատկապէս երկկողմ յարաբերութիւններուն վերաբերող ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի հարցերուն մէջ: Այլ մանրամասներ չեն հաղորդուիր:

Ապրիլին ալ Հայաստանի ու Ռուսոյ ղեկավարները համատեղ յայտարարութեամբ մտահոգութիւն յայտնած էին «հակաիրաւական եւ վնասակար գործողութիւններու իրականացման, պետութիւններու ներքին գործերուն միջամտելու եւ անոնց ինքնիշխանութիւնը խաթարելու նպատակով ժամանակակից տեղեկատուահաղորդակցային արհեստագիտութիւններու օգտագործման համար»:

Արթուր Սաքունցը հայ-ռուսական այդ հանդիպումներն ու յայտարարութիւնները հաշուի առնելով` կը պնդէ, որ երէկ տեղի ունեցածը Քրեմլինի հրահանգով էր. «Հարց է յառաջանում` Հայաստանում ի վերջոյ իշխանութի՞ւնն է պատասխանատու իրավիճակի համար, թէ՞ արդէն բոլոր խնդիրների կարգաւորման լիազօրութիւնը յանձնուած է Քրեմլին: Եւ այդ դէպքում իշխանութիւնը ինչպէս է ինքը պատկերացնում իր հետագայ կառավարումը, եւ բացարձակապէս անողնաշար, անսկզբունքային եւ հակաժողովրդավարական այդ գործելակերպով ենթարկւում է ու տուրք է տալիս բռնապետական ռեժիմի ապօրինի պահանջներին»:

Երէկուան միջադէպին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը` տեղեկացնելով, որ պարզաբանումներ պահանջած է Ոստիկանութենէն աւելի քան երկու տասնեակ քաղաքացիներ բերման ենթարկելու եւ բողոքի գործողութիւնը թոյլ չտալու վերաբերեալ: Ոստիկանութենէն առայժմ հրապարակաւ չեն արձագանգած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment