Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ձերբակալուած Են «Սուրմալու»ի Փոխտնօրէնը, Վարձակալն Ու Պահեստը Շահագործող Անձեր

Ձերբակալուած Են «Սուրմալու»ի Փոխտնօրէնը, Վարձակալն Ու Պահեստը Շահագործող Անձեր

by MassisPost

«Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի դէպքին առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթով ձերբակալուած 4 անձերը կը հանդիսանան փոխտնօրէնը, վարձակալն ու պահեստը շահագործող անձեր: Այս մասին Civic.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Քննչական Կոմիտէի մամուլի խօսնակ Վարդան Թադեւոսեանը` յաւելելով. «Հրդեհային անվտանգութեան կանոնները կամ պահանջները խախտելու հիմքով ձերբակալուել են փոխտնօրէնն ու վարձակալը, իսկ անզգուշութեամբ երկու կամ աւելի անձանց կեանքից զրկելու հիմքով` պահեստը շահագործող անձինք»: Ան նաեւ նշեց, որ նախաքննութեան ընթացքին հարցաքննութեան ենթարկուած են նաեւ Քաղաքաշինութեան, տեխնիկական եւ հրդեհային անվտանգութեան տեսչական մարմինէն պաշտօնեաներ: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի` պարզելու պայթումին բոլոր հանգամանքները:

Նշենք, որ սոյն թուականի Օգոստոս 14-ին` ժամը 13:30-ի սահմաններուն, Երեւան քաղաքի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած պայթումի դէպքին առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթով երկու անձի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է 357-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (Հրդեհային անվտանգութեան կանոնները կամ պահանջները խախտելը, որ անզգուշութեամբ յառաջացուցած է մարդու մահ կամ այլ ծանր հետեւանք): Բացի անկէ, եւս երկու անձ ձերբակալուած է Քրէական Օրէնսգիրքի 165-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (Անզգուշութեամբ երկու կամ աւելի անձեր կեանքէ զրկելը):

Յիշեցնենք, որ վերջին տուեալներով` «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ պայթումին հետեւանքով զոհուած է 16 մարդ, եւս մէկը կը համարուի անհետ կորսուած: Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութիւնը յայտնած է, որ անհետ կորսուած մարդուն որոնողական աշխատանքները դադրեցուած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment