Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ Նոր Համանախագահի Նշանակմամբ Մենք Կը Ձգտինք Հասնելու Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Կարգաւորման. Պետական Քարտուղարութիւնը` Պաքուին

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ Նոր Համանախագահի Նշանակմամբ Մենք Կը Ձգտինք Հասնելու Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Կարգաւորման. Պետական Քարտուղարութիւնը` Պաքուին

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը չէ ընդունած Պաքուի քննադատութիւնը պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի յայտարարութեան առնչութեամբ` Ֆիլիփ Ռիքըրը Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդականի եւ Մինսքի Խումբի ԱՄՆ համանախագահի պաշտօնին  նշանակելու վերաբերեալ:

«… Պետական քարտուղարը դեսպան Ռիքըրը նշանակած է Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, որպէսզի ընդգծէ մեր հակուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան աջակցման», ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Պետական Քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթել:

«Որպէս երկիր` մենք կը ձգտինք աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղիղ երկխօսութեան երկկողմ, բազմակողմ հիմքերով եւ համախոհ գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ` հասնելու համար երկու երկիրներու միջեւ համապարփակ խաղաղ կարգաւորման», յաւելած է Փաթել:

Ան նշած է, որ Ռիքըրի ընտրութիւնը կ’ընդգծէ նաեւ ԱՄՆ-ի հաւատարմութիւնը Ժընեւի միջազգային խորհրդակցութիւններուն Վրաստանի հարցով, «ուր մենք կը պատրաստուինք շարունակելու պահանջել Ռուսիայէն պատասխանատուութիւն պարտաւորութիւններու համար, որ ստանձնած է 2008 թուականի զինադադարի համաձայնագրի ծիրին մէջ»:

Դեսպան Ռիքըրը պիտի ներկայացնէ ԱՄՆ-ն թէ՛ Մինսքի Խումբին, թէ՛ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն մէջ, ընդգծած է Փաթել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment