Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանը Պիտի Հակազդէ Իր Սահմանները Փոխելու Որեւէ Փորձի․ Իրանի Նախագահը` Փաշինեանին

Իրանը Պիտի Հակազդէ Իր Սահմանները Փոխելու Որեւէ Փորձի․ Իրանի Նախագահը` Փաշինեանին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգային մարտահրաւէրներուն վերաբերող հարցեր: ՀՀ վարչապետը Իրանի նախագահին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանային վերջին միջադէպերուն վերաբերեալ: Տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ծիրին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի, 2021 թուականի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու լիարժէք իրականացման կարեւորութիւնը:

Իրանի նախագահը, անդրադառնալով վերջին օրերուն Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող լարուած միջադէպերուն, յիշատակած է Իսլամական յեղափոխութեան գերագոյն առաջնորդ Այաթոլլա Խամինէիի` վերջերս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ հանդիպման ժամանակ կատարուած յայտարարութիւնը առ այն, որ Իրանը զգայուն է կովկասեան տարածաշրջանին մէջ իր սահմաններու հարցով եւ պիտի հակազդէ զանոնք փոխելու որեւէ փորձի:

Կողմերը միտքեր փոխանակած նաեւ երկկողմ կապերու շուրջ, ընդգծած անոնց սերտացման կարեւորութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան գոհունակութիւն յայտնած է հայ-իրանեան յարաբերութիւններու զարգացման համար եւ նշած է, որ Հայաստանը պատրաստակամ է հնարաւորինս խթանելու երկու երկիրներու միջեւ ապրանքներու տարանցումը եւ զարգացնելու համագործակցութիւնը ենթակառուցուածքներու ոլորտին մէջ, այդ շարքին` ճանապարհային, ուժանիւթային եւ այլ ուղղութիւններով:

Իրանի նախագահը պատմական ու խոր որակած է երկու երկիրներու փոխյարաբերութիւնները եւ ընդգծած է հայ-իրանեան կայուն տնտեսական համագործակցութեան մակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment