Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՌԴ ԱԳՆ-ն Յայտնած Է Մինչեւ Օգոստոսի Վերջ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Հետ Շփումներ Կազմակերպելու Ծրագիրներու Մասին

ՌԴ ԱԳՆ-ն Յայտնած Է Մինչեւ Օգոստոսի Վերջ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Հետ Շփումներ Կազմակերպելու Ծրագիրներու Մասին

by MassisPost

Մոսկուան կը ծրագրէ մինչեւ Օգոստոսի վերջ բարձր մակարդակի եռակողմ շփումներ կազմակերպել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման տարբեր թեմաներու շուրջ: Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքի տնօրէնի տեղակալ Իւան Նեչաեւը` պատասխանելով Ռուսիոյ միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հնարաւոր հանդիպման մասին հարցին:

«Ծրագիրներուն մէջ կայ բարձր մակարդակով եռակողմ շփումներ կազմակերպել հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման տարբեր թեմաներու շուրջ մինչեւ Օգոստոսի վերջ», ըսած է ան` յաւելելով, որ Ռուսիոյ նախագահին մասնակցութեամբ իւրաքանչիւր բարձր մակարդակի շփում կը մեկնաբանուի նախագահի աշխատակազմին կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment