Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յատուկ Ներկայացուցիչներու Յաջորդ Հանդիպման Վերաբերեալ Որեւէ Պայմանաւորուածութիւն Չկայ. ԱԳՆ

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Յատուկ Ներկայացուցիչներու Յաջորդ Հանդիպման Վերաբերեալ Որեւէ Պայմանաւորուածութիւն Չկայ. ԱԳՆ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը մեկնաբանած է թրքական լրատուամիջոցներու տարածած տեղեկատուութիւնը, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչներ Ռուբէն Ռուբինեանի եւ Սերտար Քըլըճի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերին:

«Այս պահի դրութեամբ հանդիպման վերաբերեալ որեւէ պայմանաւորուածութիւն չկայ: Հայաստան֊Թուրքիա յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչների հանդիպումների մասին մենք հանրութեանը պատշաճ ժամկէտներում, նախօրօք տեղեկացնում ենք», «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին ըսաւ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment