Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Կը Վերահաստատէ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին Մէջ Ռուսիոյ Հետ Աշխատանքը Շարունակելու Պատրաստակամութիւնը

ԱՄՆ Կը Վերահաստատէ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին Մէջ Ռուսիոյ Հետ Աշխատանքը Շարունակելու Պատրաստակամութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները կրկին կը յայտարարէ, որ պատրաստ է շարունակելու աշխատանքը Ռուսիոյ հետ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին մէջ` յանուն ղարաբաղեան խնդիրի համապարփակ ու խաղաղ կարգաւորման: Այդ մասին երէկ «Ազատութեան» տուած բացառիկ հարցազրոյցին խօսեցաւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին:

«Մենք ըսած ենք, որ պատրաստ ենք Մինսքի Խումբը օգտագործել որպէս հարթակ: Այդ առաջարկը կը մնայ բաց: Մենք չենք լսած ռուս գործընկերներու արձագանգը այս առաջարկին: Բայց կը կարծեմ, որ այդ է առաջին քայլը, որմէ յետոյ մենք կրնանք խօսիլ այլ քայլերու եւ գաղափարներու մասին», ըսաւ դեսպանը:

Անցեալ ամիս ալ Միացեալ Նահանգներու պետական փոխքարտուղար Քերըն Տոնֆրիտ «Ազատութեան» տուած հարցազրոյցին մէջ պնդած էր, որ չնայած ուքրանական ճգնաժամին` Ուաշինկթըն պատրաստ է ղարաբաղեան խնդիրին շուրջ շարունակելու համագործակցութիւնը Ռուսիոյ հետ: Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը կասկածի տակ դրած էր այս հարցով Ուաշինկթընի անկեղծութիւնը. «Եռեակի աշխատանքին շատ հարցերու հասցուած է անդառնալի վնաս», յայտնած էր նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովան` պնդելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան ուքրանական պատերազմէն յետոյ խզած են կապերը ռուս համանախագահին հետ: Ռուսական կողմի այս յայտարարութենէն մէկ ամիս անց, երէկ, Միացեալ Նահանգներու դեսպանը վերստին պնդեց, որ կը սպասեն Ռուսիոյ վերադարձին:

«Առաջին քայլը կ’ակնկալենք Ռուսաիայէն, եւ այդ Ռուսիոյ վերադարձն է այս ձեւաչափին իր մասնակցութեան: Մենք կը շարունակենք Մինսքի Խումբը դիտարկել որպէս ձեւաչափ, հարթակ, որ ունի միջազգային մանտաթ` անդրադառնալու Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին», ընդգծեց Լին Թրէյսին:

Արձագանգելով «Ազատութեան» հարցին, թէ Միացեալ Նահանգները ինչպէ՞ս կը վերաբերի Ատրպէյճանի նախագահի պնդումներուն, թէ հակամարտութիւնը այլեւս կարգաւորուած է, եւ միջնորդներու կարիքը չկայ, դեսպան Թրէյսին ընդգծեց, որ չնայած այդ յայտարարութիւններուն` Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ ուղիներ փնտռել Մինսքի Խումբին ձեւաչափը օգտագործելու համար:

«Չնայած Ռուսիոյ պատերազմին Ուքրանիոյ դէմ, որ մեծ ուշադրութիւն գրաւած է աշխարհի մէջ, Միացեալ Նահանգները շատ կեդրոնացած է նաեւ այս տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստեղծուած իրավիճակին վրայ: Կը կարծեմ, թէ այդ արտացոլուած է հեռախօսազանգերու, շփումներու մէջ, որոնք մենք տեսած ենք այս վարչակազմի` իշխանութիւն ստանձնելէ ի վեր: Այդ ցոյց կու տայ Միացեալ Նահանգներու, պետական քարտուղարին յանձնառութիւնը` փորձել խուսափիլ հակամարտութիւններու վերադարձէն, քննարկումները պահել ուշադրութեան կեդրոնին, արձանագրել յառաջընթաց, եւ ընել այդ դիւանագիտական ճանապարհով», նշեց ԱՄՆ դեսպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment