Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուբէն Ռուբինեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Շուէտի, Ֆինլանտայի, Լիթուանիոյ Եւ Էսթոնիոյ Դեսպանները

Ռուբէն Ռուբինեան Ընդունած Է Հայաստանի Մէջ Շուէտի, Ֆինլանտայի, Լիթուանիոյ Եւ Էսթոնիոյ Դեսպանները

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան Յուլիս 8-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Շուէտի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Փաթրիք Սուենսընը, Ֆինլանտայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Քիրսթի Նարինէնը, Լիթուանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ինկա Սթանիթէ-Թոլոչքիենէն եւ Էսթոնիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռինա Քալիւրանտը:

Դեսպաններուն խնդրանքով Ռուբէն Ռուբինեան ներկայացուցած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ զարգացումներն ու յատուկ ներկայացուցիչներու վերջին` չորրորդ հանդիպման շնորհիւ ձեռք բերուած յստակ պայմանաւորուածութիւնները:

Քննարկուած են նաեւ երկկողմ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղուած հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment