Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապաշրջափակման Գործընթացը Պէտք Է Ընթանայ` Յարգելով Պետութիւններու Տարածքային Ամբողջականութիւնը. Շամխանի

Ապաշրջափակման Գործընթացը Պէտք Է Ընթանայ` Յարգելով Պետութիւններու Տարածքային Ամբողջականութիւնը. Շամխանի

by MassisPost

Հաղորդակցական ուղիներու վերագործարկման շուրջ հայ-ատրպէյճանական եւ սահմանի վերաբացման վերաբերեալ հայ-թրքական սպասուող պայմանաւորուածութիւններու լոյսին տակ` Իրանը, վերստին, բարձր մակարդակով կը յայտարարէ` դէմ է Հարաւային Կովկասի մէջ աշխարհաքաղաքական իրավիճակի փոփոխութեան, իսկ ապաշրջափակման գործընթացը պէտք է ընթանայ` յարգելով պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը:

Երէկ Երեւանի մէջ այս ուղերձները հնչեցուց Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Գերագոյն Խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանին` միեւնոյն ժամանակ, ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու, յայտարարելով, որ Թեհրանը պատրաստ է օգտագործելու իր բոլոր հնարաւորութիւնները` աջակցելու Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան:

Շամխանին ընդունած էին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: Վերջինիս հետ հանդիպման ընթացքին, ըստ հայկական կողմին, «հայ-իրանեան տնտեսական յարաբերութիւններու եւ յատկապէս Սիւնիքի զարգացման ծիրին մէջ առանձնակի շեշտուած է Իրանի Չապահար նաւահանգիստի կարեւորութիւնը, բարձր գնահատուած կողմերուն պատրաստակամութիւնը` շարունակել համագործակցութիւնը Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիի եւ Հիւսիս-Հարաւ ճանապարհային միջանցքի ծիրին մէջ»:

Թեհրանի մէջ լոյս տեսնող «Արաքս» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Մովսէս Քէշիշեան «Ազատութեան» փոխանցեց` 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ եւ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին չդադրող յայտարարութիւններու լոյսին տակ Իրանը` Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ շփումներուն մէջ բազմիցս ընդգծած է տարածաշրջանային երկիրներու սահմանների անխախտելիութեան պահպանումը` զայն իր համար բնորոշելով որպէս «կարմիր գիծ»:

«Իրան կը մտահոգուէր անցուդարձերէն, մանաւանդ վերջին շրջանին ռուսական յայտարարութիւնը, որ եղաւ` Լաւրովի յայտարարութիւնը այն մասին, որ արդէն Մինսքի խումբ գոյութիւն չունի եւ ամէն ինչ ինք պէտք է ընէ եւ ատրպէյճանցիք անընդհատ, ժամանակ առ ժամանակ, փոքր եւ մեծ գործողութիւններու կը դիմեն սահմանին եւ դաւադրական քայլերու կը դիմեն, ինչ որ Իրանի համար մտահոգիչ է, եւ Շամխանիի ներկայութիւնը այս մտահոգութիւններուն պատասխան տալու հարց է: Իրանը ուղղակիօրէն պատգամ կը յղէ այսպիսով ե՛ւ ատրպէյճանական, ե՛ւ թրքական եւ՛ նաեւ միւս կողմերուն, որ պէտք է զգաստանալ եւ որ Իրանը փոփոխութիւն չ’ընդունիր, Շամխանին շատ յստակ ըսած է, որ սահմաններու փոփոխութիւն Իրանը պիտի չընդունի», ըսաւ Մովսէս Քէշիշեանը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռախօսազրոյցներու ընթացքին` այս Յունուարին ու Յունիսին Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսին շեշտած էր տարածաշրջանին մէջ միջազգային սահմաններու պահպանման կարեւորութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment