Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գանատան Հարաւային Կովկասի Մէջ Իր Առաջին Դեսպանութիւնը Կը բանայ Հայաստանի Մէջ․ ՀՀ ԱԳ Նախարարը Կ’ողջունէ Որոշումը

Գանատան Հարաւային Կովկասի Մէջ Իր Առաջին Դեսպանութիւնը Կը բանայ Հայաստանի Մէջ․ ՀՀ ԱԳ Նախարարը Կ’ողջունէ Որոշումը

by MassisPost

Գանատան Հայաստանի մէջ դեսպանութիւն կը բանայ․ Գանատայի արտաքին գործերու նախարար Մելանի Ժոլին իր երկրին այդ որոշումը կը համարէ հայկական ժողովրդավարութեան Գանատայի աջակցութեան աւելացման կարեւոր երաշխիք:

«Սա թոյլ պիտի տայ աւելի ամուր կապեր հաստատելու մեր երկիրներուն միջեւ եւ պիտի աւելցնէ Գանատայի աջակցութիւնը հայկական ժողովրդավարութեան: Քանի որ կայունութիւն ու անվտանգութիւն ապահովող կանոնները կ’ենթարկուին մարտահրաւէրներու, Գանատան պիտի աշխատի յանուն համաշխարհային խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան», նշած է Գանատայի արտաքին գործերու նախարարը թուիթըրեան իր գրառման մէջ:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ողջունած է բնակող դեսպան ունենալու Գանատայի որոշումը: «Սա աստիճանաբար զարգացող հայ-գանատական յարաբերութիւնների եւս մէկ հանգրուան է, որն էլ աւելի կ’ամրապնդի ընդհանուր արժէքների վրայ հիմնուած մեր երկկողմ համագործակցութիւնը», նշած է նախարար Միրզոյեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment