Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Երեւանը Եւ Պաքուն Կրցած Են Մօտեցնել Դիրքորոշումները Շատ Հարցերու Շուրջ. Մհեր Գրիգորեան

Երեւանը Եւ Պաքուն Կրցած Են Մօտեցնել Դիրքորոշումները Շատ Հարցերու Շուրջ. Մհեր Գրիգորեան

by MassisPost

Երեւանը եւ Պաքուն յաջողած են մօտեցնել դիրքորոշումները սահմանային եւ մաքսային հսկողութեան բազմաթիւ հարցերու շուրջ, ըսած է Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը` կառուցողական որակելով Հարաւային Կովկասի մէջ ճանապարհային հաղորդակցութեան կապերու ապաշրջափակման եռակողմ աշխատանքային խումբին գործունէութիւնը:

Ըստ Գրիգորեանի, մասնաւորապէս, այս պահին փորձագիտական ենթախումբերը կը շարունակեն աշխատիլ մայրուղիներու եւ երկաթուղային ենթակառուցուածքներու վերականգնման եւ հետագայ օգտագործման հետ կապուած հարցերուն վրայ: Այլ մանրամասնութիւններ Մհեր Գրիգորեանը չէ փոխանցած:

Ի տարբերութիւն փոխվարչապետին, որ կառուցողական կ’որակէ եռակողմ խումբին աշխատանքը ու կը խօսի համաձայնութիւններու մասին, վարչապետ Փաշինեան օրեր առաջ 3,4 ժամ երկարած ասուլիսին ընթացքին կը պնդէր, որ Ատրպէյճանը ապակառուցողական տրամադրուած է եւ կը փորձէ նոր պատերազմ հրահրելու օրինականութիւն ձեւաւորել: Որպէս ապացոյց վարչապետը պնդեց, որ Ատրպէյճան մերժած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի ներկայացուցած գրաւոր նախագիծը, որ հիմնուած եղած է Պրիւքսէլի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն վրայ:

«Պայմանաւորուածութիւն ենք ձեռք բերել, որ սկսում ենք երկաթուղու շինարարութիւնը եւ դրանից յետոյ Ատրպէյճանն, ըստ էութեան, հրաժարուեց այդ պայմանաւորուածութիւնից: Ինչպէ՞ս հրաժարուեց, դրանից յետոյ եղաւ առաջարկ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները արձանագրել գրաւոր փաստաթղթով: Փաստաթղթի նախագիծը ներկայացրել էր փոխվարչապետ, եռակողմ աշխատանքային խմբի համանախագահող ռուսաստանեան կողմի Ալեքսէյ Օվերչուքը, հայկական կողմը պատրաստակամութիւն արտայայտեց ստորագրել այդ փաստաթուղթը, ատրպէյճանական կողմը հրաժարուեց այդ փաստաթղթից: Վերջերս էլ նաեւ հրապարակուեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինչ յստակ առաջարկով է հանդէս եկել մայրուղիների եւ երկաթուղային ճանապարհների փաթեթային բացման վերաբերեալ, այդ առաջարկութիւնը հրապարկուեց, ատրպէյճանական կողմը մերժեց նաեւ այդ տարբերակը», նշած է վարչապետը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment