Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին Հաւատարմագրերը Յանձնած Է Իսրայէլի Նորանշանակ Դեսպանը

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին Հաւատարմագրերը Յանձնած Է Իսրայէլի Նորանշանակ Դեսպանը

by MassisPost

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին, Յունիս 29-ին, իր հաւատարմագրերը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Եոէլ Լիոնը (նստավայրը` Երուսաղէմ):

Ինչպէս տեղեկացուցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն, Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած եւ յաջողութիւններ մաղթած է դեսպանին իր պատասխանատու աշխատանքին մէջ:

«Դեսպան Եոէլ Լիոնը նշած է, որ առաւելագոյն ջանքեր պիտի ներդնէ հայ-իսրայէլեան համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման համար», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին` երկուստեք ընդգծուած է, որ երկու երկիրներու փոխգործակցութիւնը ընդլայնելու մեծ ներուժ առկայ է եւ անհրաժեշտ է քայլերու ձեռնարկել երկկողմ օրակարգին որակական նոր բովանդակութիւն հաղորդելու ուղղութեամբ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment