Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արմէն Գրիգորեան Հանդիպած Է Մինսքի Խումբի Ֆրանսացի Համանախագահին Հետ

Արմէն Գրիգորեան Հանդիպած Է Մինսքի Խումբի Ֆրանսացի Համանախագահին Հետ

by MassisPost

Աշխատանքային այցով Փարիզ գտնուող Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպած է Մինսքի Խումբի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքուոյի հետ:

Ինչպէս կը յայտնեն ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի գրասենեակէն, հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած եւ ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահութեան հովանիին ներքոյ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի համապարփակ ու տեւական կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:

Արմէն Գրիգորեան զրուցակցին ներկայացուցած է տարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակը, հնարաւոր մարտահրաւէրներն ու անոնց լուծման ուղղութեամբ հայկական կողմի տեսակէտները: Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը Ռոքուոյին նաեւ ներկայացուցած է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման պրիւքսէլեան գործընթացը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment