Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Տաթեւիկ Ռեւազեանը Յայտնած Է Հրաժարած է Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէի Ղեկավարի Պաշտօնէն

Տաթեւիկ Ռեւազեանը Յայտնած Է Հրաժարած է Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէի Ղեկավարի Պաշտօնէն

by MassisPost

Տաթեւիկ Ռեւազեանը յայտնած է  ՀՀ Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէի ղեկավարի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացնելու մասին: Ռեւազեանը այս մասին գրառում կատարած է ֆէյսպուքի իր էջով:

«Ժամանակը եկաւ հրաժեշտ տալու ՀՀ Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէի ղեկավարի պաշտօնին: Ես երախտապարտ եմ այս հնարաւորութեան համար, որն ինձ ընձեռուեց` փորձութիւններով եւ յաջողութիւններով լի գրեթէ 4 տարիներ` ծառայելու օդային փոխադրութեան ոլորտին եւ մեր ժողովրդին: Ես հպարտ եմ այն արդիւնքներով, որոնց մեր թիմը հասաւ, յատկապէս` մեր երկնքի անվտանգութեան ապահովանն ուղղուած քայլերով: Յառաջիկայում յստակօրէն տեսանելի կը լինեն նաեւ անվտանգութեան բարելաւմանն ուղղուած քայլերի արդիւնքները», նշած է Ռեւազեանը:

Ան ընդգծած է, որ Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէն այս ընթացքին անցաւ եւ կ’անցնի շատ լուրջ բարեփոխումներու եւ արդիականացման գործընթացներով` նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ օդային փոխադրութեան իշխանութիւնները այժմ ճիշդ ուղիի վրայ են` միջազգային բարձր որակի չափանիշներուն հասնելու առումով: Սա հաշուի առնելով, Ռեւազեանը վստահ է, որ շուտով եւս ականատեսը պիտի ըլլանք լաւ լուրերու:

Ան նշած է, որ երբ 2018 թուականին միացած է Քաղաքացիական Օդագնացութեան Կոմիտէին, գլխաւոր նպատակ եղած է Հայաստանը դարձնել ներդրողներու համար գրաւիչ ուղղութեան: «Քովիտի յայտ չգալու պարագայում ուղեւորահոսքերի ակնկալուող աճի կշռոյթները ՀՀ-ն կը դասէին աշխարհում աճի ամենաբարձր ցուցանիշներն ունեցող երկրների ցանկում: Միեւնոյն ժամանակ ես ցանկանում էի, որպէսզի Հայաստանը ունենայ մրցունակ եւ անվտանգ ազգային փոխադրող, եւ «Fly ARNA»-ի մեկնարկի յայտարարութիւնը կարեւոր քայլ էր այդ իմաստով: «Air Arabia Group»-ի կողմից իրականացուած ներդրումը մեզ բերեց աշխարհի ամենաանվտանգ եւ ամենամրցունակ օդանաւային ընկերութիւններից մէկի knowhow-ն», ընդգծած է Ռեւազեանը:

Ան յաւելած է, որ հասած է այն նպատակներուն, որոնք դրած էր իր առջեւ 2018 թուականին, բայց, ինչեւիցէ, այսուհետեւ եւս ինք պատրաստ է ամէն կերպ աջակցելու հայկական օդային փոխադրութեան լուսաւոր ապագային հասնելու գործին:

«Կ’ուզենայի նաեւ նշել եւս մէկ կարեւոր հանգամանքի մասին: Լինելով քաղաքականութիւնից հեռու մարդ, եւ հետեւաբար կաշկանդուած չլինելով որեւէ քաղաքական գործընթացներով, ես միշտ ընդգծել եմ ազատ, անկախ եւ արհեստավարժ գործարար կին լինելու կարեւորութիւնը եւ որոշել եմ շուտով կրկին վերադառնալ առեւտուրի աշխարհ: Իմ` Կոմիտէի ղեկավար լինելու ընթացքում կեանքն ինձ օրհնեց երկու երեխաներով, բայց ես անդադար աշխատում էի, եւ բոլոր կանանց, ովքեր ունեն յատկապէս ղեկավար պաշտօններ, խորհուրդ եմ տալիս, որ իրենց ասպարէզը չզոհաբերեն նմանատիպ իրավիճակներում, քանի որ մայրութիւնը եւ առաջնորդութիւնը խորապէս փոխկապակցուած են», նշած է Ռեւազեանը:

Անոր խօսքով` անոնք իր կեանքի ամենադժուարին տարիներն էին, բայց եւ ամենաիմաստալիցները: Ռեւազեանը յաւելած է, որ երախտապարտ է եւ կը գնահատէ այն հնարաւորութիւնը, որ իրեն ընձեռուած էր` իր ներդրումը ունենալու ոլորտի զարգացման գործին մէջ:  Այնուհետեւ ան  շնորհակալութիւն յայտնած է գործընկերներուն:

«Յարգելի ընկերներ, ինչպէս միշտ, այժմ եւս ենթադրում եմ կը լինեն իմ հրաժարականի պատճառների հետ կապուած հոլիվուտեան մոթիվներով համեմուած կեղծ լուրեր եւ բամբասանքներ: Ես աշխատանքից դուրս եմ գալիս դրական զգացմունքներով եւ ոչ ոքի հետ չունեմ միջանձնային որեւէ տարաձայնութիւն: Խնդրում եմ թեթեւ տանէք եւ չհաւատաք», եզրափակած է Ռեւազեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment