Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նոյեմբեր 9-ի Գիշերուայ Անկարգութիւններուն Գործով Երկու Հոգի Դատապարտուեցան

Նոյեմբեր 9-ի Գիշերուայ Անկարգութիւններուն Գործով Երկու Հոգի Դատապարտուեցան

by MassisPost

Երեւան քաղաքի Ընդհանուր Իրաւասութեան Դատարանի դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը հրապարակեց 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի լոյս 10-ի գիշերուայ  զանգուածային անկարգութիւններուն գործով դատավճիռը:  Դատարանը գործով ամբաստանեալներ Անրրի Սեդոյեանը եւ Կարէն Մարութեանը մեղաւոր ճանչնալ իրենց առաջադրուած մեղադրանքներուն մէջ:

Կարէն Մարութեանը դատապարտուեցաւ 6 , իսկ Անրրի Սեդոյեանը` 3 տարուայ ազատազրկման: Անրրի Սեդոյեանը  նաեւ պիտի վճարէ տուգանք` 500.000 դրամի չափով:

Կարէն Մարութեանը եւ Անրրի Սեդոյեանը կը մեղադրուին 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ին Երեւան քաղաքին մէջ բազմաթիւ անձերու հետ միասին ջարդերով, գոյք ոչնչացնելով եւ վնասելով զուգորդուած զանգուածային անկարգութիւններուն մասնակցելու, ինչպէս նաեւ`  Անրրի Սեդոյեանի  հետ նախնական համաձայնութեան գալով`  ՀՀ կառավարութեան շէնքի թիւ 218, 219 եւ 402 աշխատասենեակներ  ապօրինի մուտք գործելու մեծ չափերով ուրիշի գոյքի բացայայտ յափշտակութիւն կատարելու համար:

Անրիի Սեդոյեանը մասամբ ընդունած է  մեղքը, իսկ Կարէն Մարութեանը` ոչ:   Պաշտպանական կողմն ալ անհիմն համարած էր անոնց առաջադրուած մեղադրանքը:

Յիշեցնենք, որ մեղադրողը  միջնորդած էր  Անրրի Սեդոյեանը դատապարտել 7, իսկ Կարէն Մարութեանը` 8 տարուայ բանտարկութեան:

Ի դէպ, դատարանը մերժեց դատախազութեան ներկայացուցած  մօտ  2 միլիոն դրամի պահանջը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment