Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Կիւմրիի Մէջ 4 Տարեցներու Ծեծի Գործը Դատարան Ուղարկելու Միջնորդութեամբ Ուղարկուած Է Դատախազին․ ՔԿ

Կիւմրիի Մէջ 4 Տարեցներու Ծեծի Գործը Դատարան Ուղարկելու Միջնորդութեամբ Ուղարկուած Է Դատախազին․ ՔԿ

by MassisPost

Կիւմրիի մէջ տարեց տղամարդոց նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու դէպքի առթիւ քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է:

ՀՀ Քննչական Կոմիտէի Շիրակի մարզային քննչական վարչութեանա մէջ կատարուած քննչական եւ դատավարական այլ գործողութիւններու, ինչպէս նաեւ ՀՀ ոստիկանութեան աշխատակիցներուն հետ համատեղ ձեռնարկուած անհրաժեշտ միջոցառումներու հետեւանքով պարզուած են Կիւմրի քաղաքի Երեւանեան խճուղիին մէջ, քաղաքական ընդդիմութեան կողմէ կազմակերպուած ինքնաշարժի երթի ընթացքին, տարեց տղամարդոց նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու դէպքի բոլոր հանգամանքները:

Քննութեամբ ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն` 2022 թուականի Մայիս 8-ին` ժամը 12:30-ի սահմաններուն, խումբ մը երիտասարդներ, Կիւմրիի մէջ կայանալիք հանրահաւաքին մասնակցելու նպատակով, ինքնաշարժի երթով Երեւան քաղաքէն ժամանած են Կիւմրի: Երբ երթը հասած է Կիւմրի քաղաքի Երեւանեան խճուղիին մէջ գտնուող հասարակական փոխադրութեան կանգառ, երթի մասնակիցները նշուած կանգառին կանգնած` երթի ընթացքին հետեւող տարեց տղամարդոց կոչ ըրած են միանալու իրենց:

Ստանալով բացասական պատասխան` երիտասարդները վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցուցած են, այնուհետեւ իջնելով ինքնաշարժէն` մօտեցած են յիշեալ տարեց տղամարդոց, սկսած են վիճաբանիլ անոնց հետ, հայհոյանքներ հնչեցուցած են, ձեռքերով եւ ոտքերով հարուածներ հասցուցած են անոնց մարմնի տարբեր մասերուն:

Նշենք, որ վերոնշեալ երիտասարդներու յանցաւոր արարքներէն տուժած տղամարդիկ 74, 56, 72 եւ 84 տարեկան քաղաքացիներ են:

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ` 7 անձի մեղադրանք առաջադրուած է` ՀՀ Քրէական Օրէնսգիրքի 258-րդ յօդուածի (խուլիկանութիւնը) 3-րդ մասի 1-ին կէտով:

Մեղադրեալներէն հինգը կալանաւորուած են:

Նախաքննութիւնը աւարտած է, եւ քրէական գործը, մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ, ուղարկուած է դատավարական հսկողութիւն իրականացնող դատախազին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment