Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ոստիկանները Բերման Ենթարկած են Լեւոն Քոչարեանը

Ոստիկանները Բերման Ենթարկած են Լեւոն Քոչարեանը

by MassisPost

Երկուշաբթի օր Երեւանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի շարժումներու ծիրին մէջ բերման ենթարկուած է նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի որդին` Լեւոն Քոչարեանը:

Յիշեցնենք, որ ընդդիմութեան ներկայացուցիչները փորձ կատարած են մուտք գործել Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնք, որուն հետեւանքով քաշքշոց տեղի ունեցած է շարժման մասնակիցներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ:

Ոստիկանութեան փոխանցմամբ` Կառավարութեան 3-րդ մասնաշէնքի դիմացէն խուլիկանութիւն կատարելու կասկածանքով բերման ենթարկուած է 111 անձ:

Քանի մը ոստիկան եւ քաղաքայիններ տեղափոխուած են հիւանդանոց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment