Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Հայաստանի Մասին Զեկոյց Հրապարակած Է

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Հայաստանի Մասին Զեկոյց Հրապարակած Է

by MassisPost

ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարութիւնը հրապարակած է Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու իրավիճակին մասին տարեկան զեկուցումը:

Ծաւալուն փաստաթուղթին մէջ ամերիկեան Պետական Քարտուղարութիւնը կ’անդրադառնայ անցեալ տարուան աղաղակող իրաւախախտումներուն` բանակին մէջ, խորհրդարանին մէջ, ընտրութիւններու ընթացքին:

Զեկոյցին հեղինակները կը վկայակոչեն հայաստանեան լրագրողական կազմակերպութեան տուեալները` մէկ տարուայ ընթացքին լրագրողներու նկատմամբ բռնութեան 18 դէպք, որմէ 6-ը` պետական պաշտօնեաներու կողմէ: Մինչդեռ, օրինակ, «Ազատութիւն» ռատիոկայանի լրագրողը յարձակման ենթարկուած է Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած ընդդիմադիր հանրահաւաքի ընթացքին, ցուցարարներուն կողմէ: Ինչպէս այս, այնպէս ալ պետական պաշտօնեաներուն կողմէ յարձակման զոհ դարձած այլ լրագրողներու գործերով իրաւապահները գնահատականներ չեն տուած` որպէս պատճառ բերելով իրաւական հիմքերու բացակայութիւնը:

Իշխանութիւները խստացուցած են զրպարտութեան, ծանր վիրաւորանքի մասին օրէնսդրութիւնը` կտրուկ բարձրացնելով որպէս պատիժ նախատեսուած առաւելագոյն տուգանքը, զգալիօրէն սահմանափակած են խորհրդարանին մէջ հաւատարմագրուած լրագրողներուն աշխատանքը:

 

Խորհրդարանին մէջ պատգամաւորներուն միջեւ մէկը միւսին յաջորդած ծեծկռտուքներու ընթացքին, ինչպէս կը նկատէ ամերիկեան Պետական Քարտուղարութիւնը, Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանը սահմանափակած է լրագրողներուն աշխատանքը` հրահանգած է դադրեցնել նիստի ուղիղ հեռարձակումը: Սիմոնեանի նախաձեռնութեամբ խորհրդարանին մէջ սահմանափակուած է նաեւ լրագրողներուն տեղաշարժը, փոխուած է խորհրդարանին մէջ աշխատող լրագրողներու հաւատարմագրման ընթացակարգը:

Փաստաթուղթին մէջ ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը կը փաստէ, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները ընդհանուր առմամբ լաւ կազմակերպուած են, քուէարկութիւնը թափանցիկ էր, թեկնածուները կրցած են ազատ քարոզարշաւ իրականացնել, բայց կային նաեւ թերութիւններ:

Պետական Քարտուղարութիւնը կը վկայակոչէ ԵԱՀԿ-ի դիտորդական առաքելութեան գնահատականները․ ընտրութիւնները խիստ բեւեռացուած էին, քարոզարշաւը ուղեկցուած էր «կոշտ, անհանդուրժողական, բորբոքած եւ խտրական հռետորաբանութեամբ, ինչ որ արատաւորած է բանավէճը», եղած են նախընտրական միջոցառումներուն մասնակցելու հարկադրանքի դէպքերու, ընտրակաշառքի մասին պնդումներ, վարչական միջոցի ենթադրեալ չարաշահում, քարոզարշաւի ֆինանսաւորման ոչ-համարժէք կանոնակարգերը եւ ընտրական բողոքներ ներկայացնելու սահմանափակ հնարաւորութիւններ:

Փաստաթուղթին մէջ առանձին անդրադարձ կայ 10 մարդու մահուան պատճառ դարձած 2008 թուականի Մարտ 1-ի իրադարձութիւններու բացայայտման տապալման: Սահմանադրական Դատարանը հակասահմանադրական ճանչցած է այդ գործով գլխաւոր ամբաստանեալ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին եւ միւսներուն մեղսագրուող` սահմանադրական կարգը տապալելու յօդուածը, իսկ անկէ յետոյ դատարանը արդարացուցած է ամբաստանեալները:

«Իրաւաբանական համայնքին մէջ շատերը կասկածի տակ դրին պաշտօնեաներուն յստակ ընտրուած յօդուածով մեղադրանք առաջադրելու նախնական որոշումը», կը շեշտեն զեկոյցին հեղինակները եւ կը յիշեցնեն այդ գործով երեք տարի տեւած քննութիւնը, որ չհասաւ բուն գործի էութեան, ինչպէս կը նշուի` պաշտպանական կողմի մարտավարութեան պատճառով, «որ բազմաթիւ միջնորդութիւններ ու բողոքարկումներ կը ներկայացնէր»:

Անդրադառնալով տարիներ շարունակ միջազգային հանրութեան կողմէ քննադատութեան ենթարկուած Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի գործընթացին, Պետական Քարտուղարութիւնը կը նշէ, որ Հայաստանը համակարգային փտածութեան ժառանգութիւն ունէր բազմաթիւ ոլորտներու մէջ, մեղադրանքներ հնչած են պետական միջոցներու իւրացման եւ կասկածելի առեւտրային գործունէութեան մէջ պետական պաշտօնեաներու ներգրաւման մասին:

Զեկոյցին հեղինակները կը շեշտեն, որ Փաշինեանի վարչակազմը միջոցներու ձեռնարկած է փտածութեան դէմ պայքարի հաստատութենական շրջանակը ամրապնդելու համար` ներառեալ Հակափտածութեան Կոմիտէի ստեղծումը, որ շարք մը գործեր յարուցած է, օրինակ` նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանին մեղադրանք առաջադրած է յանցաւոր ճանապարհով ձեռք բերուած աւելի քան 4 միլիոն տոլարի գոյքի օրինականացման եւ այլ յանցաւոր արարքներու համար, Յատուկ Քննչական Ծառայութիւնն ալ ձերբակալած է նախկին գլխաւոր դատախազ, Քննչական Կոմիտէի նախկին ղեկավար Աղուան Յովսէփեանը, որ, ըստ իրաւապահներու, պետական պաշտօններ զբաղեցնելով ապօրինի զբաղած է ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ, մօտ 2,6 միլիոն տոլարի դրամի լուացում իրականացուցած է, աւելի քան 2 միլիոն տոլարի կաշառք ստացած է, խարդախութեան միջոցով կալանաւորած է աւելի քան 1,5 միլիոն տոլարի գոյք:

Փտածութեան Կանխարգիլման Յանձնաժողովը վերանայած է նաեւ գործող դատաւորներու ունեցուածքին մասին յայտարարագրերը եւ իրաւապահ մարմիններուն փոխանցած է այն տեղեկութիւնները, որոնք կրնան վկայել յանցագործութեան մասին: Որպէս հետեւանք, յարուցուած է երեք կարգապահական, երեք վարչական եւ մէկ քրէական գործ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment