Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ստեղծուած Են Ուքրանիայէն Հայաստան Վերադառնալու Բոլոր Հնարաւորութիւնները․ Աղաճանեան

Ստեղծուած Են Ուքրանիայէն Հայաստան Վերադառնալու Բոլոր Հնարաւորութիւնները․ Աղաճանեան

by MassisPost

Ազգային Ժողովի իշխող խմբակցութեան մէջ կը պնդեն, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար ստեղծուած են բոլոր հնարաւորութիւնները` Ուքրանիոյ հետ սահմանակից պետութիւններու միջոցով Հայաստան վերադառնալու համար:

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտուարտ Աղաճանեան ընդգծեց, որ Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը տեղափոխուած է Լվով, քանի որ Քիեւը ռազմական գործողութիւններու կէտերէն մէկն է:

«Դեսպանութեան օգնութեամբ Ուքրանիայի ներսում հայ համայնքի ներկայացուցիչները մի տեղից այլ տեղ են տեղափոխուել: Մեր համայնքի ցանկացած ներկայացուցչի համար, որը ցանկութիւն ունի լքել տարածքը, բոլոր հնարաւորութիւնները ստեղծուած են` արեւմտեան կողմից, Ուքրանիայի հետ սահմանակից պետութիւնների միջոցով, վերադառնալու Հայաստան», ըսաւ Աղաճանեան` շեշտելով, որ Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը ամէն ինչ կ’ընէ, որ այդ գործընթացը աւելի հեշտ տեղի ունենայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment