Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչներուն Միջեւ Երկրորդ Հանդիպումը Կը Գնահատեմ Դրական․ Արարատ Միրզոյեան

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Ներկայացուցիչներուն Միջեւ Երկրորդ Հանդիպումը Կը Գնահատեմ Դրական․ Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

«Հայաստանի եւ Թուրքիայի ներկայացուցիչների միջեւ երկրորդ հանդիպումը գնահատում եմ դրական: Առայժմ երրորդ հանդիպման տեղի ու ժամկէտի մասին որեւէ որոշում չկայ», Ազգային Ժողով-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ժամանակ ըսաւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան: Անոր խօսքով` կողմերը վերահաստատած են, որ գործընթացը տեղի կ’ունենայ առանց նախապայմաններու եւ որ գործընթացին վերջնարդիւնքը յարաբերութիւններու կարգաւորումն է եւ մեզի համար նաեւ` Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացումը:

«Հանդիպումը գնահատում եմ դրական: Շատ աւելի ճշգրիտ է եղել քննարկումը, քան կարող էր լինել առաջին հանդիպումը: Բայց միաժամանակ բոլորս հասկանում ենք, որ շատ շօշափելի արդիւնքներ նոյնիսկ երկրորդ հանդիպման համար դժուար է ակնկալել: Երկրորդ հանդիպում մի գործընթացի, որը պիտի լուծումներ տայ հարիւրամեակների կամ տասնամեակների խնդիրներին», նշեց ան:

Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ նաեւ Անթալիոյ դիւանագիտական համաժողովին մասնակցելու հարցին` ըսելով, որ անոր վերաբերեալ առայժմ որոշում չկայ․ «Յոյսով եմ` կը համաձայնէք, որ մեր աշխարհում շատ սրընթաց կերպով են իրադարձութիւնները զարգանում եւ փոփոխւում ամէն օր, ամէն վայրկեան: Եւ նախկինում կարճաժամկէտ թուացող իրադարձութիւններն այժմ բաւական երկար են: Երբ ժամկէտները մօտենան, որոշում կը կայացնենք»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment