Հայաստանցիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը` 70 տոկոսը կողմ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման, պայմանով որ Անգարան չխոչընդոտէ ղարաբաղեան կարգաւորումը: Միեւնոյն ժամանակ, ԱՄՆ Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի (IRI) վերջին հարցման արդիւնքներուն համաձայն, հարցուածներուն 90 տոկոսը կարծիք յայտնած է, որ Հայաստանի համար քաղաքական եւ անվտանգային ամենամեծ սպառնալիքը նոյնինքն Թուրքիան կը ներկայացնէ:
Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի հերթական հարցումը կատարուած է անցեալ տարեվերջին` 1512 քաղաքացիի շրջանակին մէջ: Անվտանգութեան, արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, պետական հիմնարկներու գործունէութեան մասին տարաբնոյթ հարցերը ամփոփած ուսումնասիրութեան հեղինակները եզրակացուցած են, որ հայաստանցիները առաջնային կը համարեն տարածքային եւ սահմանային անվտանգութեան խնդիրները:
«Ղարաբաղեան վերջին պատերազմն ու տարածաշրջանին մէջ ռազմական բախումներու պատմութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, հասկնալի է, որ հայաստանցիները անհանգստացած են ազգային անվտանգութեամբ եւ սահմանային խնդիրներով: Հայաստանցիները կը փափաքին տեսնել տարածքային երկարամեայ այս խնդիրներուն հանգուցալուծումը», ըսած է IRI-ի եւրասիական բաժնի ղեկավար Սթիվըն Նիքսը:
Հարցման ծաւալուն հատուածը ա՛յս խնդիրներուն նուիրուած է: Այսպէս` «ե՞րբ սկսիլ սահամանազատումն ու սահմանագծումը»․ ժամկէտերու մասին խօսելով, հարցուածներուն 25 տոկոսը կարծիք յայտնած է, որ այդ պէտք է տեղի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորումէն եւ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրումէն յետոյ, 16 տոկոսը կը կարծէ` միայն այն ժամանակ, երբ Հայաստանի Զինուած ուժերը վերականգնուին, 16 տոկոսը կը մտածէ, որ այս պահուն գործընթացի մեկնարկը չի բխիր Հայաստանի եւ Արցախի շահերէն, իսկ 15 տոկոսը կը նշէ` որքան հնարաւոր է շուտ, 14 տոկոսն ալ, թէ` սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացի սկզբունքներու յստակացումէն յետոյ:
«Ատրպէյճանի հետ ճանապարհային հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը ի՞նչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսական զարգացման վրայ», 5 տոկոսը այս հարցումին պատասխանած է` միանշանակ դրական, 45 տոկոսը` միանշանակ բացասական:
Իսկ Թուրքիոյ հետ ճանապարհային հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը քաղաքայիններուն 6 տոկոսին կարծիքով միանշանակ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի տնտեսական զարգացման վրայ, միանշանակ բացասական` 36 տոկոսին կարծիքով:
Ուսումնասիրութեան ծաւալուն բաժին մըն ալ կը վերաբերի պետական մարմիններու աշխատանքին: Ըստ հարցման` հայաստանցիները ամենաշատ գոհ են Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակէն, ամենադժգոհը` Ազգային Ժողովէն, նախագահի գրասենեակէն, դատարաններէն:
Քաղաքայիններուն հարցում ուղղուած է նաեւ` «Ձեր կարծիքով Հայաստանը ընդհանուր առմամբ կը շարժի ճի՞շդ, թէ՞ սխալ ուղղութեամբ»: Յատկանշական է, որ եթէ Մայիսին հարցուածներուն 41 տոկոսը պատասխանած էր, որ երկիրը ճիշդ ուղղութեամբ կը շարժի, իսկ 20 տոկոսը կը կարծէր` սխալ ուղղութեամբ, ապա արդէն տարեվերջին պատկերը փոխուած է` 46 տոկոսը նշած է, որ սխալ ուղղութեամբ կը շարժի, 34 տոկոսը` ճիշդ: