Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Իշխանութիւն Պէտք Է Ձեւաւորեն Այն Հայերը, Որոնք Կ’ապրին Հայաստանի Մէջ. Դանիէլ Իոաննիսեան

Իշխանութիւն Պէտք Է Ձեւաւորեն Այն Հայերը, Որոնք Կ’ապրին Հայաստանի Մէջ. Դանիէլ Իոաննիսեան

by MassisPost

Իշխանութիւն պէտք է ձեւաւորեն այն հայերը, որոնք կ’ապրին Հայաստան, կը կարծէ սահմանադրական փոփոխութիւններու արդէն լուծարուած յանձնաժողովի անդամ՝ Դանիէլ Իոաննիսեան, որ կը պատրաստուի մասնակցիլ նաեւ նոր ձեւաւորուող խորհուրդի աշխատանքներուն։

Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան իր ամանորեայ ուղերձով սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին առաջարկութիւն հնչեցուց. «Անհրաժեշտ է բացել հայրենիքի դռները մեր բոլոր հայրենակիցների համար, իսկ դրա համար նախ պէտք է փոխենք Սահմանադրութիւնը, որպէսզի սփիւռքի մեր հայրենակիցները, մեր ողջ ժողովուրդը կարողանայ ազատօրէն մաս կազմել եւ ծառայել հայրենիքին: Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կը նպաստէ նաեւ պետութեան աւելի արդիւնաւէտ կառավարմանը, պետական կառոյցների հաւասարակշռմանը աւելի ճկուն ու փոխկապակցուած, աւելի հասկանալի ու պատասխանատու գործունէութեանը»:

Իոաննիսեան, որ դեռ 2020-ին ստեղծուած ու վերջերս լուծարուած յանձնաժողովի անդամներուն հետ հանդիպած էր նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ ու լսած անոր պատկերացումները սահմանադրական փոփոխութիւններու մասին, ըսած է՝ ինչ-որ առումով անոր այս առաջարկութիւնը նորութիւն էր։

«Իշխանութիւնների որոշումները եւ իշխանութիւնների հետեւանքները թէ՛ լաւ, թէ՛ բացասական առումով կրելու են Հայաստանում ապրող քաղաքացիները, եւ ըստ այդմ պէտք է հենց Հայաստանում ապրող քաղաքացիները ընտրեն իշխանութիւններին՝ ամենայն յարգանքով, ի հարկէ, սփիւռքի նկատմամբ: Ինձ թւում է, որ սփիւռքի ներգրաւուածութիւնն առհասարակ պէտք է լինի աւելի շատ մշակութային, կրթական եւ նման մակարդակում, բայց ամէն դէպքում նախագահ Սարգսեանի առաջարկութիւնները աւելի մանրամասն, ես վստահ եմ, ինքը կը ներկայացնի», – ըսաւ Իոաննիսեան:

Թէ՛ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ լուծարուած, թէ՛ նոր ձեւաւորուելիք սահմանադրական փոփոխութիւններու խորհուրդին մէջ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը ներկայացուցիչ չունի։ Սահմանադրական բարեփոխումներու նոր խորհուրդի կազմին մէջ պիտի ըլլան 3 խորհրդարանական, 3 արտախորհրդարանական ուժերու, 3 հասարակական կազմակերպութիւններու ու պետական շարք մը կառոյցներու ներկայացուցիչներ՝ արդարադատութեան նախարարը, Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի մօտ Հայաստանի ներկայացուցիչը, Ազգային ժողովի պետական իրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի ներկայացուցիչը։ Արտախորհրդարանական ուժերու ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները մրցութային կարգով պիտի ընտրուին։

Խորհրդարանի պետական իրաւական յանձնաժողովի իշխանական անդամ՝ Վահագն Յովակիմեան յիշեցուցած է, որ ժամանակին պետական կառավարման համակարգին մէջ սփիւռքահայերու ներգրաւուածութեան մասին առաջարկ նաեւ վարչապետ Փաշինեան հնչեցուցած էր, բայց թէ յստակ ինչ փոփոխութիւններ պէտք է կատարուին, նոր ձեւաւորուելիք խորհուրդը պէտք է քննարկէ։

«Պաշտօնների ինչ-որ շարք պէտք է լինի, որը ամէն դէպքում պէտք է միայն ՀՀ քաղաքացիներին հասու լինի, սա ակնյայտ է», – ընդգծեց Յովակիմեան:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու խորհուրդին պիտի քննարկուի նաեւ կառավարման ձեւի հարցը։ Հայաստան խորհրդարանական կառավարման անցած է 2015-ին Սահմանադրական հանրաքուէէն յետոյ, որ այն ժամանակ ընդդիմադիր Փաշինեան «կեղծ օրակարգ» կ’որակէր։ 2018-ին իշխանութեան գալէն յետոյ վարչապետը երկրի կառավարման համակարգի մասին զիրար տրամագծօրէն հակասող դիրքորոշումներ յայտնած է։ 2021-ի այսպէս կոչուած «ռազմական յեղաշրջման փորձին» յաջորդած մարտիմէկեան հանրահաւաքին չէր բացառած, որ կառավարման կիսանախագահական համակարգին վերադառնալու հարցը դրուի հանրաքուէի, իսկ արդէն տարեվերջեան առցանց ասուլիսին կողմ արտայայտուեցաւ խորհրդարանական ձեւին։

Վարչապետի թիմակիցները այս երկու յայտարարութիւններուն միջեւ հակասութիւն չեն տեսներ եւ կ’ըսեն բաց ենք բոլոր քննարկումներու համար։ Ընդդիմադիր խմբակցութիւնները եւս չեն շտապեր իրենց տեսակէտները յստակացնելու, դեռ պարզ չէ նաեւ խորհուրդի մէջ ընդդիմադիրներու ներկայացուցիչներու անունները։

Խորհուրդի կազմը 3 շաբաթէն պէտք է ներկայացուի վարչապետի հաստատման, որմէ յետոյ խորհուրդը իր հերթին կը ձեւաւորէ քաղաքական ուղղուածութիւն չունեցող 5 գիտնական մասնագէտներէ կազմուած յանձնաժողով, որոնք կը զբաղին Սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի մշակմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment