Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճան կը Շարունակէ Պահել Շուրջ 200 Հայ Ռազմագերի՝ Խեղաթիւրելով Անոնց Կարգավիճակը. Ինչ Կը Նշուի Պայտընի Ստորագրած Օրէնքով

Ատրպէյճան կը Շարունակէ Պահել Շուրջ 200 Հայ Ռազմագերի՝ Խեղաթիւրելով Անոնց Կարգավիճակը. Ինչ Կը Նշուի Պայտընի Ստորագրած Օրէնքով

by MassisPost

ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի՝ Դեկտեմբեր 27-ին ստորագրած 2022-ի ֆինանսական տարուայ «Ազգային պաշտպանութեան մասին» օրէնքին մէջ առկայ են կարեւոր դրոյթներ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ, ուր մասնաւորապէս շեշտուած է, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ պահել շուրջ 200 հայ ռազմագերի՝ խեղաթիւրելով անոնց կարգավիճակը՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն վերադարձնէ գերեվարուած բոլոր անձերը: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ օրէնքը հրապարակուած է Քոնկրէսի պաշտօնական կայքը:

Օրէնքին մէջ նշուած են Քոնկրէսի եզրակացութիւնները 44-օրեայ պատերազմի վերաբերեալ, մասնաւորապէս.-

Ատրպէյճան եւ Թուրքիան «օտարերկրեայ աշխարհազօրային ջոկատներու աջակցութեամբ» ռազմական յարձակում սկսած են Արցախի վրայ:

Չնայած Ժընեւեան համաձայնագրով եւ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն, հակամարտութեան աւարտէն բաւական ժամանակ անց Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէ պահել շուրջ 200 հայ ռազմագերիներ, պատանդներ եւ ձերբակալուած անձեր «խեղաթիւրելով անոնց կարգավիճակը», փորձելով արդարացնել հետագայ գերութեան մէջ անոնց գտնուիլը:

Ատրպէյճանական զինուած ուժերը դաժան վերաբերմունք ցուցաբերած են հայ ռազմագերիներու նկատմամբ եւ զանոնք ենթարկած «ֆիզիքական բռնութեան եւ նուաստացման»:

Փաստագրուած են Ատրպէյճանի զինուած ուժերու եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող իսլամիստական զինեալներու կողմէ կատարուած մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները եւ հայերու դէմ կատարուած այլ վայրագութիւնները:

Գերիներու եւ գերեվարուած քաղաքացիական անձերու վիճակի կամ անոնց հետ վարուելու մասին հաւաստի տեղեկութիւնները սահմանափակ են, եւ լուրջ մտահոգութիւն կայ, որ ձերբակալուած կանայք կարելի է ենթարկուին սեռական ոտնձգութիւններու եւ այլ դաժան վերաբերմունքի:

Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն վերադարձնէ բոլոր հայ ռազմագերիները եւ գերեվարուած քաղաքացիական անձերը:

Պայտընի վարչակազմը պէտք է բոլոր մակարդակներով փոխգործակցի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ, անոնց կարգին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի գործընթացի ծիրէն ներս, որպէսզի պարզաբանէ Ատրպէյճանի պարտաւորութիւններու կատարման կարեւորութիւնը:

Հայաստան կատարած է Նոյեմբեր 9-ի յայտարարությամբ եւ միջազգային իրաւունքով ստանձնած իր պարտաւորութիւնները՝ վերադարձնելով ատրպէյճանցի ռազմագերիները, Օրէնքին մէջ նշուած է նաեւ, որ ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարարութիւնը փաստաթուղթը ուժի մէջ մտնելէն ոչ ուշ, քան 180 օր յետոյ, պէտք է Քոնկրէսի համապատասխան յանձնաժողովներուն զեկոյց ներկայացնէ 44-օրեայ պատերազմի, մասնաւորապէս.-

թրքական Bayraktar անօդաչու թռչող սարքերուն մէջ յայտնաբերուած ամերիկեան ծագման մանրամասնութիւններու ու արհեստագիտութիւններու վերաբերեալ՝ զէնքի արտածման վերահսկողութեան կամ այլ կիրառելի օրէնքներու, պատժամիջոցներու քաղաքականութեան կամ ԱՄՆ-ի օրէնսդրութեան այլ դրոյթներու ցանկացած հնարաւոր խախտումներու գնահատմամբ:

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դէմ սպիտակ ֆոսֆորի, կասետային ռումբերու եւ արգիլուած զինամթերքի կիրառման վերաբերեալ՝ ԱՄՆ-ի օրէնսդրութեան կամ միջազգային իրաւունքի ցանկացած հնարաւոր խախտումներու գնահատմամբ:

2020-ի Սեպտեմբեր 27-էն մինչեւ 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի ժամանակամիջոցին Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յարձակողական ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու համար Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ օտարերկրեայ զինեալ ահաբեկիչներու հաւաքագրման վերաբերեալ՝ անոր հետ կապուած՝ ԱՄՆ-ի օրէնսդրութեան, վարձկաններու հաւաքագրման, օգտագործման, ֆինանսաւորման եւ ուսուցման դէմ պայքարի մասին միջազգային համաձայնագրի կամ այլ միջազգային կամ բազմակողմ պայմանագիրներու ցանկացած հնարաւոր խախտումներու գնահատմամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment