Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Վերցուցած Է Թրքական Ծագման Ապրանքներու Ներմուծման Արգելքը

Կառավարութիւնը Վերցուցած Է Թրքական Ծագման Ապրանքներու Ներմուծման Արգելքը

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմի ժամանակ՝ անցեալ տարուայ Հոկտեմբերին, գործադիրի որոշմամբ արգիլուեցաւ անցեալ տարուայ Դեկտեմբեր 31-էն թրքական ծագումով ապրանքներ ներմուծել Հայաստան՝ «հաշուի առնելով քանիցս հաստատուած փաստերը, ըստ որոնց, Թուրքիան բացայայտօրէն աջակցում ու սատարում է Ատրպէյճանի կողմից՝ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմական եւ ահաբեկչական գործողութիւնները»։

Արգելքը սահմանուեցաւ կէս տարիով։ Այնուհետեւ այս Յունիսին ան երկարաձգուեցաւ եւս կէս տարիով, որու ժամկէտը կ’աւարտի վաղը։

Աւելի քան երկու շաբաթ առաջ Տնտեսութեան նախարարութենէն «Ազատութիւն»-ին հաղորդած էին, որ արգելքը լրացուցիչ վեց ամիսով երկարաձգելու որոշման նախագիծ կը մշակուի, սակայն այդպէս ալ ան չյայտնուեցաւ կառավարութեան օրակարգին վրայ։

Այսօր՝ Դեկտեմբեր 30-ի գործադիրի այս տարուայ վերջին նիստն էր, եւ նման որոշման նախագիծ չկար, ինչ որ կը նշանակէ, որ մէկ տարի գործող արգելքը գալ տարուայ Յունուար 1-էն այլեւս չի գործեր։

Տնտեսութեան նախարարութիւնը քիչ աւելի յետոյ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` տեղեկացնելով, որ միջգերատեսչական քննարկումներու հետեւանքով որոշում կայացուած է չերկարաձգել թրքական ապրանքներու ներմուծման արգելքը: Ըստ այդմ, թրքական ապրանքներու ներմուծման արգելքի վերացմամբ փոխադարձութեան սկզբունքով կ’ակնկալուի, որ հայկական ապրանքներու արտածման համար կը ստեղծուին աւելի բարենպաստ պայմաններ։

Նախարարութեան հաղորդմամբ` վերջին մէկ տարուայ ընթացքին թրքական ապրանքներու նկատմամբ արգելքը ունեցած է դրական եւ բացասական տնտեսական հետեւանքներ։

«Քիչ չեն նաեւ մեր գործարարների կողմից դիմումներն ու խնդրանքները թուրքական ապրանքների ներմուծման վրայ եղած արգելանքը հանելու մասին», – նշուած է կառոյցի հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment