Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարութիւնը Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Է Անյապաղ Ազատ Արձակել Բոլոր Գերիները

ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարութիւնը Ատրպէյճանին Կոչ Ըրած Է Անյապաղ Ազատ Արձակել Բոլոր Գերիները

by MassisPost

ԱՄՆ կ’ողջունէ Դեկտեմբեր 29-ին Ատրպէյճանի կողմէ հինգ հայ զինծառայողներու վերադարձը: Այս մասին նշուած է Պետական քարտուղարութեան՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով բիւրոյի թուիթըրեան էջով:

«Կոչ կ’ընենք շուտափոյթ ազատ արձակելու մնացած բոլոր պահուող անձերը, իրականացնելու աճիւններու փոխանակում եւ անհետ կորածներու հաշուառում:

Մենք կ’ընդգծենք նաեւ պահուող անձերու նկատմամբ մարդասիրական վերաբերմունքի՝ միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան կարեւորութիւնը»,- նշուած է գրառման մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment