Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կալանք Դրուած Է Սէյրան Օհանեանի Եւ Անոր Կնոջ Գոյքին Վրայ

Կալանք Դրուած Է Սէյրան Օհանեանի Եւ Անոր Կնոջ Գոյքին Վրայ

by MassisPost

Ապօրինի գոյքի բռնագանձման գործերով դատարանը կալանք դրած է շարք մը նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ անոնց մերձաւորներու գոյքին վրայ՝ բաւարարելով դատախազութեան միջնորդութիւնը, տեղեկացուցած են դատախազութենէն։

Գլխաւոր դատախազութիւնը ուսումնասիրած է Պաշտպանութեան նախկին նախարար, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Սէյրան Օհանեանի, անոր կնոջ՝ Ռուզաննա Խաչատրեանի, անոր առնչուող անձի՝ Ժաք Ֆովոյի , Սերժ Սարգսեանի թիկնազօրի նախկին պետ՝ Վաչական Ղազարեանի, անոր կնոջ, դստեր, որդւոյն ձեռք բերած գոյքի օրինականութիւնը եւ միջնորդած կալանք դնել անոնց գոյքերուն վրայ, որ բաւարարուած է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment